Տեսակէտ. Ճի՞շդ Է, Թէ «Ամէն Մարդ Իր Քսակէն Կը Սորվի»

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ

Մէկ շաբաթ առաջ շիի յարանուանութեան պատկանող լիբանանցիներ փոխադրակառքով Իրան կատարուած ուխտագնացութենէ Լիբանան վերադառնալու ընթացքին, Թուրքիոյ սահմանէն Սուրիա մուտք գործելէ կարճ ժամանակ ետք առեւանգուեցան: Իրողութիւն մը, որ թրքական կողմին դերակատարութեան շուրջ կասկածներ կը յառաջացնէ:

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարը Լիբանանի վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի եւ արտաքին գործոց նախարար Ատնան Մանսուրի հետ կապ հաստատելով հաղորդեց, որ լիբանանցի 11 առեւանգեալները արդէն Թուրքիա կը գտնուին եւ «ձեւական» հարցաքննութենէ մը ետք քանի մը ժամէն Պէյրութ պիտի վերադառնան: Վարչապետը թրքական այդ «աւետիսը» հրապարակաւ փոխանցեց լիբանանցիներուն եւ շնորհակալութիւն յայտնեց Թուրքիոյ: Նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի իր անձնական օդանաւը Ալեքսանտրէթ ուղարկեց` առեւանգեալները տուն վերադարձնելու համար, իսկ Հըզպալլայի եւ Ամալ շարժումի ղեկավարները, իրենց կարգին, «ծովը չտեսած բոպիկնալով» շնորհակալութիւն յայտնեցին Թուրքիոյ, անոր վարչապետին եւ արտաքին գործոց նախարարին: Սակայն ահա մէկ շաբաթ անցած է եւ առեւանգեալները իրենց ընտանիքներուն չեն վերամիացած:

Լիբանանցի ղեկավարներէ շնորհակալական խօսքեր ստանալէ ետք, թրքական կողմը հերքեց, թէ 11 լիբանանցիները Թուրքիա կը գտնուին: Աւելի՛ն. Թուրքիոյ նախագահի աւագ խորհրդական Արշատ Հիւրմիւզլիւ Հըզպալլայի «Մանար» պատկերասփիւռի կայանին առեւանգեալներու Թուրքիա գտնուիլը հաստատող յայտարարութիւն կատարելէ հազիւ մէկ ժամ ետք Մուսթաքպալ հոսանքի «Ախպար Մուսթաքպալ» պատկերասփիւռի կայանին յայտնեց, որ առեւանգեալները Թուրքիա չեն գտնուիր եւ իրենք անոնց գտնուած վայրէն անտեղեակ են: Հըզպալլա եւ Ամալ առեւանգեալներուն ընտանիքներուն անունով հրապարակուած հաղորդագրութեան մը միջոցով թրքական իշխանութիւնները պատասխանատու նկատեցին 11 լիբանանցիներուն ապահով եւ շուտափոյթ տունդարձին:

Տեղի ունեցածը թրքական խաղ մըն էր, որուն նպատակը նախ եւ առաջ Հըզպալլայի եւ Ամալի ղեկավարութեան, յաչս իրենց հետեւորդներուն, վարկաբեկումն է եւ շիի փողոցն ալ սիւննի փողոցին նման իր ղեկավարութեան հակակշիռէն դուրս բերելով լիբանանեան բեմը աւելի «կառավարելի» դարձնելն է: Շիի ղեկավարները սխալ գործեցին, սակայն անոնք միակը չէին: Չմոռնանք, որ Տաւութօղլու իր «աւետիս»-ը վարչապետ Միքաթիի փոխանցեց, վերջինս ալ իր կարգին զայն շիի ղեկավարութեան փոխանցեց: Թրքական հաւաստումին հիմամբ առեւանգեալները դիմաւորելու պատրաստութիւններ տեսնուեցան, ժողովուրդը Պէյրութի օդակայան եւ հոն առաջնորդող ճամբաները ողողեց, սակայն շիի ղեկավարները ի վերջոյ ստիպուեցան համայնքի զաւակներուն կոչ ուղղելու` իրենց տուները վերադառնալու: Թրքական իշխանութիւնները հերքեցին, թէ Միքաթիին այդպիսի «աւետիս» մը փոխանցած են, ինչ որ Լիբանանի վարչապետը շիի համայնքին եւ ղեկավարութեան առջեւ նեղ կացութեան մատնեց: Ան ձեռնարկեց անձամբ Թուրքիա երթալով իր վարկը փրկելու, սակայն մետասաներորդ պահուն հրաժարեցաւ` հաւանաբար թրքական կողմէն ոչ քաջալերական նշաններ ստանալէ ետք:

Միւս կողմէ, նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի իր անձնական օդանաւը ուղարկած էր առեւանգեալները տուն բերելու համար: Այդ քայլը, որ այլապէս ներլիբանանեան քաղաքական մթնոլորտին վրայ դրական ազդեցութիւն ունեցող ողջունելի քայլ մըն էր, Հարիրին եւս անախորժ կացութեան մը մատնեց:

Առեւանգեալներու խնդիրը լիբանանեան ազգային հարցի մը վերածուեցաւ, իսկ Անգարայի վարմունքը թրքական կողմին նկատմամբ բոլորին արդարացի դժգոհութիւնը յառաջացուց: Լիբանանահայութեան համար ստեղծուած կացութիւնը անակնկալ մը չէր: Մենք բազմիցս մեր լիբանանցի հայրենակիցները զգուշացուցած ենք թրքական կողմին վստահելէ: Այժմ յոյսով ենք, որ մեր համաքաղաքացիները, «բերաննին այրելէն ետք», ի վերջոյ կը սթափին եւ ականջ կու տան մեր ողջմիտ խրատին: Ըստ ասացուածքին, «ամէն մարդ իր քսակէն կը սորվի». սպասենք եւ տեսնենք…

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES