Զմմառու Վանքի Այցելութիւն

ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան դաստիարակչական յանձնախումբին երկամեայ ծրագրին մէջ կ՛իյնար արժէքները պահող վայրերու այցելութիւն:

Առաջին այցելութիւնը տրուեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Կիլիկիա թանգարան, Թարգմանչաց տօնին առիթով: Երկրորդը` Այնթուրայի որբանոցը, իբրեւ ապրիլ 24-ի ոգեկոչման ձեռնարկ, խունկ ու մոմ վառելով 300 որբերու շիրիմին եւ հոգեհանգստեան արարողութիւն կատարելով անոնց հոգիներուն:

Մայիս ամիս, տօներու ամիս ազատագրման եւ յաղթանակի տօներ ինչպէս նաեւ` Աստուածամօր եւ մայրերու տօն: Ուստի, երկուշաբթի, 21 մայիս 2012-ին, 140 խաչուհիներ այցելեցին Մեծամօր Զմմառու վանքը:

Հայր Նարեկ վարդապետ Լուիսեան վանքի մուտքին ընդունեց ԼՕԽ-ական ընկերուհիները, բարի գալուստ մաղթելէ ետք սկսաւ փոխանցել մանրամասն տեղեկութիւններ: Արծիւեան միաբանութեան հայրերը փախչելէ ետք Քրեմ գիւղէն, եկած ու հաստատուած են Զմմառ եւ 1749 թուին կառուցած են վանքը, որուն վրայ շինած են եկեղեցին, 1771 թուականին: Խումբը ուղղուեցաւ դէպի եկեղեցի, բացատրութիւն ստանալէ եւ աղօթելէ ետք բարձրացաւ դէպի վանքի թանգարանին բաժինը: Թանգարանը կառուցուած է Պօղոս Չիլոյեանի նուիրատուութեամբ:

Հոն կը գտնուին դրամներու հաւաքածոյ` 1000 տարուան կեանք ունեցող, Անահիտ չաստուածուհիի արձանը, երկու ժամացոյցներ` Հռոմէական կայսրութեան շրջանէն մնացած: Կան նախ Քիւթահեայի գործեր, ատամնաբուժական առաջին գործիքները` փարաւոններու օրէն շինուած, Այվազովսկիի գեղանկարը, պատարագի զգեստներ, սուրբերու մասունքներ, զուտ արծաթ սկիհներ, ասեղնագործ շուրջառներ:

Ապա ընկերուհիները իջան գետնայարկ մատենադարանը, ուր կը գտնուին ասորական թէ օտար լեզուներով գիրքեր, 1500 հայկական ձեռագիրներ. «Ուրբաթագիրք»ը, որ Յակոբ Մեղապարտ տպած է վենետիկի մէջ, 500 տարի առաջ: Կան նաեւ գիրքեր կազմելու գործիքներ: Վերջերս գտնուած են չորս զէնքեր` 18-րդ դարէն մնացած:

Սիմոն Զաւարեան, երբ Լիբանան այցելած է, ապաստան գտած է Զմմառու վանքին մէջ: Թրքական բանակը կասկածելով` պաշարած է վանքը: Օրուան Մեծաւորը ծպտած է Զաւարեանը եւ ստորերկրեայ գաղտնի ճամբով փախցուցած է:

Վերջին վայրը եղաւ հրաշագործ Աստուածամօր մատուռը, ուր տեղի ունեցած են հրաշքներ:

Գինիի մառանը այցելելէ ետք, ըմբոշխնելով բոլոր տրուած տեղեկութիւնները, շատ գոհ եւ ուրախ տրամադրութեամբ ԼՕԽ-ականները վերադարձան իրենց տուները` բարձր կորովով  շարունակելու իրենց վստահուած առաքելութիւնը:

Share this Article
CATEGORIES