«Թէքէեան» Մշակութային Միութիւն. Երգահանդէս` Նուիրուած Սփիւռքահայ Դասական Երգարուեստին

Կազմակերպութեամբ «Թէքէեան» մշակութային միութեան Լիբանանի տեղական վարչութեան շաբաթ, 19 մայիս 2012-ի երեկոյեան ժամը 8:00-ին տեղի ունեցաւ երգահանդէս` նուիրուած սփիւռքահայ դասական երգարուեստին, «Թէքէեան» կեդրոնի «Հրաչեայ Սեդրակեան» սրահին մէջ:

Կազմակերպիչ վարչութեան ատենապետ, գրող Արամ Սեփեթճեան իր բացման խօսքին մէջ անդրադարձաւ սփիւռքահայ դասական երգարուեստին, որ հարազատ շարունակութիւնն է արեւմտահայ երաժշտութեան հարուստ աւանդութիւններուն: Արամ Սեփեթճեան հակիրճ ակնարկով մը ներկայացուց յայտագիրին մէջ բաժին վերցուցած արուեստագէտ-արուեստագիտուհիներուն երաժշտագիտական կենսագրութիւնը:

Յայտագիրը սկիզբ առաւ երիտասարդ թենոր, երգիչ Կարօ Քելեշեանի երեք երգերով. «Խաչը» (խօսք Եղիշէ արք. Դուրեան – երաժշտութիւն` Շահան Պէրպէրեան, «Սուրբ խօսքդ» (խօսք եւ երաժշտութիւն` Զարեհ արք. Ազնաւորեան) եւ «Ցայգերգ» (խօսք` Ն. Քուչակ, երաժշտութիւն` Բ. Կանաչեան): Կ. Քելեշեան երիտասարդ ուժ մըն է` «Բ. Կանաչեան» երաժշտանոցի նախկին ուսանողներէն եւ անդամ «Շնորհալի» երգչախումբին: Ունի ձայնային հարուստ տուեալներ եւ կրօնաշունչ այս երգերու մեկնաբանութեան մէջ մնաց հարազատ` երգերէն բխող դասական հմայքին:

Ապա բեմ բարձրացաւ երգչուհի Անայիս Կետիկեան (անդամ «Շնորհալի», «Կռունկ» եւ «Արծիւեան» երգչախումբերուն), որ մեկնաբանեց Զարեհ արք. Ազնաւորեանի «Հանգչեցո՛ւր զիս, Տէ՛ր» կրօնաշունչ երգը, Վահան Տէրեանի բանաստեղծութեամբ եւ Նիկոլ Գալենտերեանի երաժշտութեամբ յօրինուած «Արդեօք ո՞ւր ես» հանրածանօթ երգը եւ Մ. Մեծարենցի «Սիրերգը»-ը` Հրանդ Գէորգեանի եղանակաւորումով, արժանալալով ունկնդիրներու  գնահատանքին:

Երրորդ արուեստագէտը «Բ. Կանաչեան» երաժշտանոցի ուսուցչուհի Թագուհի Խաչերեանի նորագոյն շրջանաւարտներէն պարիթոն Ճոնի Կէօքճեանն էր, ծանօթ` մօտիկ անցեալին իր տրուած մենահամերգով: Արուեստագէտ Ճոնի Կէօքճեան երիտասարդ նոր ուժ մըն է եւ ունի ունկնդիրներուն համակրանքին արժանի ձայնային բնատուր երանգաւորում: Ան յաջողապէս մեկնաբանեց Բ. Կանաչեանի «Ծով աչեր» (խօսք` Ա. Իսահակեանի), Աշոտ Պատմագրեանի «Հայրենի կարօտ» (խօսք` Հ. Հայրապետեանի) եւ Գ. Ալեմշահի «Ես սիրեցի» (խօսք` Վ. Թէքէեանի) երգերը` արժանանալով ներկայ արուեստասէրներու համակրանքին:

2007-ին «Բ. Կանաչեան» երաժշտանոցէն վկայուած եւ Թագուհի Խաչերեանի աշակերտ, լիբանանահայ երիտասարդ արուեստագէտ Շողիկ Թորոսեան ունկնդիրներուն ներկայացուց հինգ երգեր` Շահան Պէրպէրեանի «Լուսաւորչի կանթեղ»ը (Խօսք Յ. Թումանեանի), Համբարձում Պէրպէրեանի «Անոր»-ը (խօսք` Յ. Թլկատինցիի), Բ. Կանաչեանէն «Օրօր»-ը (խօսք` Ռ. Պատկանեանի), «Պըճինկօ»-ն (խօսք` Չիթունիի) եւ Համբարձում Պէրպէրեանի «Կ՛անձրեւէ, տղաս» (խօսք` Վ. Թէքէեանի):

Համերգին աւարտին չորս արուեստագէտները միացեալ ելոյթով մեկնաբանեցին Շարլ Ազնաւուրի Ժ. Կառվարենցի «Քե՛զ  համար,  Հայաստան» երգը: Յայտագիրի երգերուն դաշնակի ընկերակցութեամբ իր բաժինը բերաւ Յասմիկ Գասպարեան (վկայեալ` Երեւանի Կոմիտասի անուան երաժշտանոցէն):

Վարչութեան շնորհակալական խօսքը արտասանեց Արամ Սեփեթճեան եւ բարձր գնահատեց սոյն համերգի իրագործումի զոյգ խորհրդատուներ Թորգոմ վրդ. Տօնոյեանին  (ղեկավար «Շնորհալի» երգչախումբին) եւ Թագուհի Խաչերեանին տարած աշխատանքը: Ապա բեմ հրաւիրեց «Թէքէեան» մշակութային միութեան հիմնադիրներու մարմինի ատենապետ փրոֆ. Հրայր Հովիւեանը, որ արուեստագէտներուն եւ ղեկավար զոյգին, յանձնեց «Թէքէեան» մշակութային միութեան վարչութեան խորհրդանշական գնահատանքի յուշանուէրը:

 

Share this Article
CATEGORIES