«Եռագոյն Ֆոնտ»-ի Ներկայացուցիչներուն Այցելութիւնը «Ազդակ»
Երէկ յետմիջօրէին «Ազդակ»-ի խմբագրատուն այցելեց «Եռագոյն ֆոնտ»-ի հիմնադիր Երջօ Սամուէլեան` ընկերակցութեամբ «Եռագոյն ֆոնտ»-ի վարչութեան անդամներու եւ հիւրաբար Լիբանան գտնուող ազգայիններու: Հիւրերը ընդունեցին ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Յովիկ Մխիթարեան, Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի եւ «Ազդակ»-ի տնօրէնը:
Երջօ Սամուէլեանին կ՛ընկերակցէին Երեւանէն նախկին դեսպան եւ Երեւանի պետական համալսարանի դասախօս Վահան Պայպուրտեան, Երեւանի մէջ ՄԱԿ-ի գրասենեակի պատասխանատու Արմէն Պայպուրտեան, «Եռագոյն ֆոնտ»-ի վարչութեան անդամ Րաֆֆի Սիսլեան, Աւստրալիոյ Հայ դատի յանձնախումբի պատուոյ նախագահ Գրիգոր Սողոմոնեան, Աւստրալիոյ ազգայիններէն Զոհրապ Գըվըրեան եւ Նուպար Մազլումեան, Լոս Անճելըսէն Կարօ Էսքիճեան եւ Լիբանանէն Յովսէփ Էսքիճեան:
Հանդիպումին զեկուցուեցաւ «Ազդակ»-ի աշխատանքներուն մասին, որմէ ետք հիւրերը մօտէն ծանօթացան իւրաքանչիւր աշխատանքային մարզի իրականացուցած ծրագիրներուն: Անոնք հաստատեցին, որ տարբեր գաղութները առիթը ունին «Ազդակ»-ի կայքէջին ճամբով հետեւելու հայկական աշխարհի զանազան իրադարձութիւններուն:



