Մայիսեան Յաղթանակի Փառատօն` Այնճարի Մէջ
Մայիսը ոչ միայն յաղթանակներու ամիս է, այլ նաեւ միասնութեան, հպարտութեան, ինքնահաստատման, ինչպէս նաեւ Հայաստանի Ա. անկախ հանրապետութեան 94-րդ տարեդարձի ամիսն է:
Մայիս 28-ն է, որ հայ ժողովուրդին ազգային ու կրօնական ազատութիւնն ու հոգին վերահաստատեց: Մենք բոլորս պարտաւոր ենք դաստիարակելու մեր նոր սերունդը մայիս 28-ի շունչով ու հպարտութեամբ:
Մեկնելով մայիս ամսուան կարեւորութենէն` ՀՄԸՄ Այնճարի մասնաճիւղի նորընտիր վարչութիւնը, գործակցութեամբ ՀՅԴ «Կարմիր լեռ» կոմիտէի դաստիարակչական-քարոզչական յանձնախումբին, մայիս ամիսը յայտարարեց մարզական ձեռնարկներու ամիս, որուն ընթացքին կազմակերպուեցան ֆութպոլի ու պասքեթպոլի մրցումներ գիւղի բոլոր վարժարաններու, ՀՄԸՄ-ի ու ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Շաւարշ Միսաքեան» մասնաճիւղի խումբերուն միջեւ` 18, 19, 20 եւ 26 մայիսին:
Մայիսեան յաղթանակին նուիրուած փառատօնը տեղի ունեցաւ շաբաթ, 26 մայիսի երեկոյեան ժամը 7:30-ին, ՀՄԸՄ Այնճարի մասնաճիւղի պասքեթպոլի դաշտին վրայ` կազմակերպութեամբ ՀՄԸՄ Այնճարի մասնաճիւղին, գործակցութեամբ ՀՅԴ «Կարմիր լեռ» կոմիտէի դաստիարակչական-քարոզչական յանձնախումբին, հովանաւորութեամբ ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի շրջանային վարչութեան:
Փառատօնին ներկայ էին Այնճարի հոգեւոր հայրերը, քաղաքապետը, ՀՅԴ «Կարմիր լեռ» կոմիտէն, միութիւններու, յանձնախումբերու եւ մարմիններու ներկայացուցիչներ, ինչպէս նաեւ հոծ բազմութիւն մը:
ՀՄԸՄ-ի սկաուտները եւ սկաուտական խմբապետական կազմը` գլխաւորութեամբ խմբապետ Ժան Փամպուքեանի, կատարեցին դրօշակի արարողութիւնը` հպարտ ու հաստատ քայլերով, ապա Լիբանանի եւ Հայաստանի հանրապետութիւններու քայլերգներով բացումը կատարուեցաւ Հայաստանի Ա. հանրապետութեան անկախութեան 94-ամեակի հանդիսաւոր տօնակատարութեան:
Այնուհետեւ ՀՄԸՄ-ի խօսքը արտասանեց Սեպուհ Պոյաճեան, որ հաստատեց, որ ժամանակակից հայոց պատմութեան մէջ ամէնէն ազգային եւ արժանապատիւ սխրագործութիւնն է 28 մայիս 1918-ն` աւելցնելով, որ հայ ժողովուրդը կրցաւ դարերու ստրկութենէ ետք անկախ պետութիւն ստեղծել: Ան շեշտեց նաեւ, որ անկարելի է չյիշել հերոս Պետիկ Ինճէեանը` իբրեւ տիպար, գործունեայ եւ հաւատարիմ ՀՄԸՄ-ական:
Բացման խօսքէն անմիջապէս ետք, օրուան բանախօսը` Շահան Գանտահարեան խօսք առնելով ըսաւ. «Պարզ է, որ եթէ չըլլար Հայաստանի Ա. հանրապետութիւնը, չէր ըլլար խորհրդային Հայաստանը եւ չէր ըլլար մեր հայրենիքի երկրորդ վերանկախացումը: Պիտի չըլլար նաեւ հայկական այսօրուան երկրորդ հանրապետութիւնը` Լեռնային Ղարաբաղի անկախ հանրապետութիւնը»: Անդրադառնալով միասնականութեան` ան նշեց, որ Սարդարապատի ճակատամարտը գոյութիւնը պահելու կռիւ էր, հայութիւնը այս կռիւէն պատուով դուրս եկաւ, մէկ մարդու նման ծառացաւ թշնամիին դէմ եւ փրկեց իր գոյութիւնը, կերտեց իր հայրենիքի անկախութիւնը:
Մայիս 28-ն կարեւոր թուական նկատելով հայոց պատմութեան մէջ` Գանտահարեան նշեց. «Մայիս 28-ն սոսկ անկախութեան հռչակման օր չէ, մեր ազգի փրկութեան, մեր լինելութեան շարունակականութեան եւ մեր ազգի գոյատեւումը ապահովող մեծ թուական է, խորհուրդ է, եւ իբրեւ այդպիսին անգերազանցելի կշիռ ու իմաստ ունի համայն հայութեան պատմութեան մէջ»:
Ան հաստատեց նաեւ, որ համահայկական եւ առաջնային խնդիր է մեր այսօրուան անկախ հանրապետութեան հզօրացումը: Անկախ Հայաստանը, որ բոլորիս վաղուան երազանքներուն, տեսիլքներուն, նպատակներուն կորիզն է, անփոխարինելի յենարանը եւ երաշխիքը: Անդրադառնալով միջազգային իրաւունքներու պահպանման` Գանտահարեան յայտնեց, որ մայիս 28-ն է մեր պետութեան ուղին, որ միջազգային ընտանիքին մօտ ամէնէն ազդեցիկ ձեւով պիտի խօսի մեր բոլոր իրաւունքներուն մասին:
Իր խօսքը ուղղելով երիտասարդութեան` Շահան Գանտահարեան հաստատեց, որ Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիութիւն ստանալը վաղուան համահայկական հասարակութեան ձեւաւորման նպաստող հիմնական գործօն է:
Բանախօսութենէն ետք Այնճարի ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբը` ղեկավարութեամբ Պօղոս Քենտիրճեանի, ներկայացուց շարք մը ազգային եւ յեղափոխական երգերու եղանակներ` ոգեւորելով ժողովուրդը:
Ապա տեղի ունեցաւ Մայիսեան խաղերու մետալաբաշխման արարողութիւնը. Այնճարի միջդպրոցական ֆութպոլի բաժակը ստացաւ Հայ կաթողիկէ վարժարանի խումբը, իսկ պասքեթպոլի բաժակը ստացաւ Հայ աւետարանական վարժարանի խումբը:
ՀՄԸՄ-ի եւ ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Շաւարշ Միսաքեան» մասնաճիւղին միջեւ կայացած ֆութպոլի ու պասքեթպոլի մրցումներուն ֆութպոլի բաժակը ստացաւ ՀՄԸՄ-ը, իսկ պասքեթպոլի բաժակը` ԼԵՄ-ը:
Տեղին է նշել, որ բոլոր մասնակցող մարզիկները ստացան մետալներ: Մրցանակաբաշխումը կատարեցին գիւղի քաղաքապետ Կարօ Փամպուքեան, ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան ներկայացուցիչ Վրէժ Թազեան, գիւղի դպրոցներու տնօրէններ Արմէն Թաշճեան, վեր. Րաֆֆի Մսըրլեան եւ քոյր Երմոնէ, ինչպէս նաեւ ՀՄԸՄ Այնճարի վարչութեան ատենապետ Յարութ Զատիկեան եւ ՀՅԴ «Կարմիր լեռ» կոմիտէի դաստիարակչական-քարոզչական յանձնախումբի ատենապետ Կարօ Փիլաւճեան:
Փառատօնի աւարտին հնչեց յեղափոխական երգերու շարք մը` մեկնաբանութեամբ Սերոբ Յակոբեանի, ընկերակցութեամբ Սեդօ Պաղտասարեանի:
ԹՂԹԱԿԻՑ

