Դպրաց Եւ Կիսասարկաւագաց Ձեռնադրութիւն` Անթիլիասի Մէջ
Կիրակի, 27 մայիս 2012-ին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան դպրեվանքի փոքր դասարաններու աշակերտները, ինչպէս նաեւ ընծայարանական սաներ, Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր տաճարին մէջ Հայ առաքելական եկեղեցւոյ սպասաւորութեան խոնարհ աստիճանները ստացան:
Արամ Ա. կաթողիկոսի տնօրինումով` դպրեվանքի տեսչութիւնը ձեռնադրութեան ներկայացուցած էր դպրութեան եւ կիսասարկաւագութեան յարմարագոյն երկու դասարանները:
«Հայր մեր»-էն անմիջապէս առաջ, Մայր խորանի բեմին առջեւ տեղի ունեցաւ դպրաց ձեռնադրութիւնը` ձեռամբ Նորայր եպս. Աշըգեանի: Ձեռնադրիչ սրբազանը Հայ առաքելական եկեղեցւոյ խոնարհ կարգերուն առաջին չորս աստիճանները` դռնապանութիւնը, ջահընկալութիւնը, երդմնեցուցչութիւնը եւ ընթերցողութիւնը շնորհելով, անոնց գլուխներէն խաչանիշ կտրեց մազի փունջեր` ի նշան եկեղեցւոյ ծառայութեան ընծայումի:
Ս. պատարագը մատուցեց Ստեփանոս վրդ. Փաշայեան: Նորայր սրբազան նաեւ կիսասարկաւագական աստիճան շնորհելով Ա. ընծայարանի սաներուն, Քրիստոսի լուծը խորհրդանշող մաքուր ու սուրբ ուրարները անոնց բազուկներուն վրայ զետեղեց: Ապա, ընթերցուած աղօթքներուն ճամբով, ձեռնադրիչ սրբազանը յորդորեց զանոնք ըլլալ հաւատարիմ իրենց պաշտօնին ու անարատութեամբ կատարել զայն:
Նոյն օրը կը զուգադիպէր նաեւ Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան հռչակման տօնին` Սարդարապատի հերոսամարտով անմահացած քաջամարտիկներու զոհողութեամբ շահուած: Ս. պատարագի աւարտին տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն Սարդարապատի, Ղարաքիլիսայի, Բաշ Ապարանի եւ նոյն թուականին այլ ճակատամարտերու ընթացքին զոհուած քաջամարտիկներու հոգւոց համար:
Մայիս 28-եան փառաւոր յաղթանակի այս տօնը անուանակոչութեան օրն է նաեւ Արամ Ա. կաթողիկոսին:

