Լիբանանեան Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ Պէյրութ Յաղթեց, Պուրճ Համուտ Պարտուեցաւ
Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց Բ. դասակարգի ախոյեանութեան 4-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, ՀՄԸՄ Պէյրութ արձանագրեց իր երկրորդ յաջորդական յաղթանակը` 54-26 արդիւնքով պարտութեան մատնելով Ժամհուրը: Մրցումին չորս քորթըրները ընթացան հետեւեալ ձեւով. 10-11, 10-4, 14-9 եւ 20-2:
Նշենք, որ իր կատարած առաջին երկու մրցումներուն, ՀՄԸՄ Պէյրութ կրեց երկու յաջորդական պարտութիւն:
Ինչ կը վերաբերի ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի, թէեւ անիկա առաջին երկու հանգրուանին յաղթանակ արձանագրեց, սակայն անկէ ետք կրեց երկու պարտութիւն: 4-րդ հանգրուանին անիկա երէկ պարտուեցաւ Հուփսէն` 47-44 արդիւնքով:
CATEGORIES Մարզական

