Զահլէի Վազքի Մրցում. Լեւոն Թաշճեան Հանդիսացաւ Երրորդ
Կազմակերպութեամբ Զահլէի Նատի Նըժում ակումբին կիրակի, 27 մայիսին տեղի ունեցաւ վազքի մրցում մը, որուն երկարութիւնն էր 12 քմ: Անոր իրենց մասնակցութիւնը բերին աւելի քան 300 երկսեռ վազողներ:
Առաւօտեան ժամը 8:00-ին Զահլէի մուտքին գտնուող հրապարակէն սկսած վազքի այս մրցումը` անցնելով Զահլէի փողոցներէն, աւարտեցաւ նոյն վայրը:
ՀՄԸՄ Այնճարը ներկայացնող Լեւոն Թաշճեան 40 տարեկան եւ վեր դասակարգին իր մասնակցութիւնը բերելով հանդիսացաւ երրորդ` արձանագրելով 50 վայրկեան արդիւնք մը:
Մրցանակաբաշխութիւնը տեղի ունեցաւ ժամը 9:00-ին, Զահլէի «Լայալի» ճաշարանին մէջ` ներկայութեամբ զինուորական թէ այլ պատասխանատուներու:
CATEGORIES Մարզական


