2012-Ի Աթլեթներու Երեկոյ` Պէյրութի Ամերիկեան Համալսարանին Մէջ

– Դուին Մումջողլեան Եւ Անտրէա
Փաուլի Պարգեւատրուեցան

– Աւօ Մումջողլեան Ընտրուեցաւ
2012 Տարուան Լաւագոյն Աթլեթը

Կազմակերպութեամբ Պէյրութի ամերիկեան համալսարանին չորեքշաբթի, 16 մայիսին տեղի ունեցաւ 2012-ի աթլեթներու երեկոյ, որուն ընթացքին պարգեւատրուեցան այս տարեշրջանին մրցանակներու տիրացած աշակերտները:

Նշենք, որ այս երեկոյին ընթացքին յատուկ կերպով պարգեւատրուեցան Պէյրութի ամերիկեան համալսարան յաճախող երկու ուսանողներ Դուին Մումջողլեան եւ Անտրէա Փաուլի, որոնք յաջողած էին բաւական տպաւորիչ եւ փայլուն արդիւնքներ արձանագրելով յաջորդաբար փինկ փոնկի եւ թեքուանտոյի մրցումներուն ապահովել Լոնտոնի 2012-ի Ամառնային Ողիմպիականի խաղերուն իրենց տոմսերը:

Այս պարգեւատրումին ներկայ գտնուեցաւ նաեւ Լիբանանի մէջ Անգլիոյ դեսպան Թոմ Ֆլեչըր, որ մեծ գովասանքով արտայայտուեցաւ անոնց կատարած այդ մեծ իրագործումին մասին, միեւնոյն ժամանակ ալ շնորհաւորելով անոնց ծնողները, ընտանեկան պարագաները, ակումբները, մարզիչները, ինչպէս նաեւ անոնց համալսարանը:

Աւարտին տեղի ունեցաւ 2012 տարեշրջանի մրցանակաբաշխութիւնը:

2012 տարուան լաւագոյն աթլեթը ընտրուեցաւ Աւօ Մումջողլեան, որ տիրացաւ փինկ փոնկի բազմաթիւ մրցաշարքերու տիտղոսներու:

Նշենք, որ 2012 տարուան փինկ փոնկի աղջկանց տիտղոսին տիրացած էր Պէյրութի Ամերիկեան համալսարանին մաս կազմող Դալար Պոյաճեան:

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES