«Ծրագիրիս Չգործադրուելուն Պարագային Սուրիոյ Ապագային Նկատմամբ Մտահոգ Պիտի Ըլլամ» Ըսաւ Անան
ՄԱԿ-ի եւ Արաբական լիկայի Սուրիոյ հարցով յատուկ պատուիրակ Քոֆի Անան երէկ Դամասկոսի մէջ հանդիպում ունեցաւ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի հետ: Հանդիպումին ընթացքին Անան յայտնեց, որ բռնարարքներու դադրեցման եւ բանտարկեալներու ազատ արձակման համար քաջարի քայլերու կարիքը կայ: Ան ընդգծեց, որ առանց բռնարարքներու դադրեցման իր ծրագիրը չի կրնար յաջողիլ:
Սուրիոյ նախագահը իր կարգին յայտնեց, որ «ահաբեկչական զինեալ խմբաւորումները» վերջերս տարբեր շրջաններու մէջ իրենց բռնարարքներուն մէջ մագլցում արձանագրած են` շեշտելով, որ զանոնք զինող, ֆինանսաւորող եւ պատսպարող կողմերն ու երկիրները պէտք է Անանի ծրագիրին յանձնառու ըլլան:
Հանդիպումին աւարտին տրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին Անան յայտնեց, որ բռնարարքները պէտք է դադրին, որպէսզի կարելի ըլլայ սուրիացի ժողովուրդին համար ապագայ ժողովրդավարական փոխանցումին սկսիլ: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց Ասատի` «սուրիական կառավարութեան կողմէ իմ առաքելութեանս յաջողութեան համար տրամադրուած դիւրութիւններուն համար»:
ՄԱԿ-ի եւ Արաբական լիկայի յատուկ պատուիրակը նաեւ յայտարարեց, որ իր ծրագիրին չգործադրուելուն պարագային Սուրիոյ ապագային նկատմամբ մտահոգ պիտի ըլլայ:
Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով յայտնեց, որ Մոսկուա մտահոգ է Քոֆի Անանի ծրագիրը ձախողութեան մատնելու փորձերէն: «Կարգ մը երկիրներ սկսան սուրիական Հուլա գիւղի դէպքերը շահագործել` զանոնք իբրեւ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին վրայ ճնշում բանեցնել փորձելու պատրուակ օգտագործելու համար», ընդգծեց Լաւրով:
Ան աւելցուց, որ «իրականութեան մէջ Անանի ծրագիրը ձախողութեան մատնելու շուրջ խօսք կը դառնայ: Կը թուի, թէ անիկա (Անանի ծրագիրը) իրենց համար արգելք կը ներկայացնէ, որովհետեւ բարեփոխումներ կատարելու եւ բոլոր սուրիացիներուն միջեւ երկխօսութեան ձեռնարկելու յարմար պայմաններ ստեղծելու կը ծառայէ եւ ոչ թէ վարչակարգի փոփոխութեան»:
Ռուսիոյ դիւանագիտութեան պետը զարմանք յայտնեց Սուրիոյ ազգային խորհուրդի նախագահ Պուրհան Ղալիունի յայտարարութեան համար, որուն մէջ ան սուրիացի ժողովուրդին կոչ կ՛ուղղէր շարունակելու «ազատագրութեան ճակատամարտը», որպէսզի Ապահովութեան խորհուրդը միջամտելու առիթ ունենայ: Ան ըսաւ, որ այդ յայտարարութիւնները «քաղաքացիական պատերազմ յառաջացնելու ուղղակի հրահրում են» եւ կը հակասեն Անանի ծրագիրին:
Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Կենատի Պոկտանով յայտնեց, որ Անանի Դամասկոս այցելութիւնը փաստ մըն է, որ Սուրիոյ մէջ հարցերը քաղաքական միջոցներով լուծելու առիթներ գոյութիւն ունին: Պոկտանով սէուտական «Ուաթան» օրաթերթին յայտնեց, որ «Սուրիոյ մէջ արմատական իշխանափոխութիւն մը ընդունելի է, պայմանաւ որ արտաքին միջամտութիւն տեղի չունենայ»:
Իտալիա, Սպանիա, Հոլանտա եւ Գերմանիա երէկ յայտարարեցին, որ Հուլայի մէջ տեղի ունեցած ջարդին իբրեւ բողոք իրենց մայրաքաղաքներուն մէջ պաշտօնավարող Սուրիոյ դեսպանները կը վտարեն: Բրիտանիա եւ Միացեալ Նահանգներ յայտարարեցին, որ իրենց երկիրներուն մէջ Սուրիոյ դեսպանատուներուն գործավարները կը վտարեն: Աւստրալիա սուրիացի դիւանագէտ մը, իսկ Քանատա սուրիացի երկու դիւանագէտներ վտարեցին: Ֆրանսայի նախագահը երէկ իր կարգին յայտարարեց, որ «այսօր կամ վաղը» Փարիզի մէջ Սուրիոյ դեսպանը պիտի վտարէ: Ան նաեւ նշեց, որ յուլիսի սկիզբը «Սուրիոյ բարեկամներ»-ու ժողովը պիտի հիւրընկալէ:
Սուրիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Ֆայսալ Մըքտատ յայտնեց, որ Սուրիոյ կառավարութիւնը յանձնառու է Անանի ծրագիրին եւ «կառավարութեան կողմէ ծրագիրին որեւէ խզում տեղի չունեցաւ»: Ան այլ կողմեր ամբաստանեց ծրագիրը խզելու եւ այդ ծրագիրին ընթացք առնելէն առաջ անոր ձախողութիւնը յայտարարելու յանցանքով: Մըքտատ նշեց, որ «Անանի այցելութիւնը իր առաքելութեան յաջողութիւնը հաստատելու բնական հունին մէջ կ՛իյնայ»:
Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Ռամին Մեհմանփարասթ յայտնեց, որ Սուրիոյ մէջ գործուած բռնարարքները մերժելի են, եւ բոլորը պէտք է երկխօսութեան դիմեն եւ Անանի ծրագիրը յաջողցնեն:
Միացեալ Նահանգներու միացեալ սպայակոյտի պետ զօր. Մարթին Տեմփսի «Ֆոքս Նիուզ» պատկերասփիւռի կայանին նշեց, որ Փենթակոն Սուրիոյ մէջ բռնարարքները դադրեցնելու համար զինուորական միջամտութեան ընտրանքին պատրաստ է դիմելու: Միացեալ Նահանգներու ազգային ապահովութեան խորհրդատուի տեղակալ Պեն Ռոտզ իր կարգին յայտնեց, որ Անանի ծրագիրի ձախողութեան պարագային «սուրիական ընդդիմութեան ուղղակի աջակցութիւն պիտի տրամադրենք»:


