Թրքական Դատարան Մը Կը Հրամայէ Բանտարկել Բարձրաստիճան Նախկին Հրամանատարներ

«Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Անգարայի մէջ դատարան մը հրամայած է 1997-ի զինուորական յեղաշրջումին հետ առնչուած եւ այժմ հանգստեան կոչուած հինգ զօրավարներ բանտարկել:

Լրատու գործակալութիւնը կը նշէ, որ անոնց շարքին են թրքական օդուժի նախկին հրամանատար Ահմետ Քուրքճու, ցամաքային ուժերու նախկին հրամանատար Հիքմեթ Քէօքսալ, ինչպէս նաեւ ազգային ապահովութեան նախկին ընդհանուր քարտուղար զօր. Իլհան Քըլըճ:

Share this Article
CATEGORIES