Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ միւֆթի շէյխ Մոհամետ Ռաշիտ Քապպանի յայտնեց, որ Լիբանանի ներքին տագնապին ենթահողը քաղաքական է եւ ոչ թէ համայնքային կամ յարանուանական:
ՊԵՔԱԱՅԻ Արսալ գիւղաքաղաքին մէջ սուրիական բանակին փամփուշտով սպաննուած է Ապտել Ղանի Ժիպաուի անունով լիբանանցի երիտասարդ մը, ինչպէս նաեւ վիրաւորուած են Աուտէ ընտանիքին պատկանող երկու ուրիշներ:
ՔԱՐԱՆԹԻՆԱՅԻ մէջ երէկ ուշ երեկոյեան արձանագրուեցան բախումներ` լիբանանցիներու եւ քիւրտերու միջեւ:
Բախումները պատճառեցին երեք վիրաւոր:
«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթին համաձայն, նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի տեղեկատուական մարզին վերաբերող որոշ պատճառաբանութիւններով լքած է Սուրիոյ մէջ լիբանանցի առեւանգեալներուն առնչուող բանակցութիւնները:
ԱՐՏԱՔԻՆ գործոց նախարար Ատնան Մանսուր յայտնեց, որ Տոհայի մէջ բռնկած հրդեհին պատճառով Քաթարի մէջ աշխատող ոչ մէկ լիբանանցի վնասուած է:
ԵԼԵԿՏՐԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ընկերութեան մէջ օրավարձով աշխատող պաշտօնեաները կը շարունակեն իրենց նստացոյցը:
ՀԱՐԱՒԱՅԻՆ Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերու սպանական ջոկատի սպաներէն մէկը յայտնեց, որ Կապոյտ գիծին մօտ տիրող կացութիւնը հանդարտ է եւ խաղաղ: Միւս կողմէ, սակայն, իսրայէլեան «էմ. Քա.» տիպի հետախուզական օդանաւեր թռիչքներ գործեցին հարաւային Լիբանանի վերեւ` հասնելով մինչեւ Ժապալ Շէյխ:
ՄԱՐՈՆԻ համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը Պքերքէի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Լիբանանի մէջ Կիպրոսի դեսպան Հոմեր Մաւրոմմաթիսի եւ Լեհաստանի դեսպան Թոմաս Նիկոտեզի հետ:
Քննարկուեցան Լիբանանը յուզող իրադարձութիւնները: Ռայի պատրիարքին այցելուներէն եղան նաեւ ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարար Ժըպրան Պասիլ եւ նախկին նախարար Միշել Էտտէ:
ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ալի Աուատ Ասիրի յայտնեց, որ երկխօսութիւն կատարելու իմաստով Սէուտական Արաբիոյ թագաւորին կոչը կը բխի Լիբանանի ապահովութեան եւ կայունութեան յանձնառու ըլլալու անոր կեցուածքէն:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ռիատ Ռահհալ շեշտեց, որ Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա պէտք է համոզուի, որ Դիմադրութեան զէնքը լիբանանցիներուն վտանգ կը սպառնայ:
ՆԱԽ Լիբանան երեսփոխանական համախմբումի անդամ երեսփոխան Մոհամետ Հաժժար նշեց, որ Դիմադրութիւնը մագլցողական քայլերու պիտի դիմէ, որպէսզի կառավարութիւնը ստիպէ հրաժարելու:
ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Ամմար Հուրի յոյս յայտնեց, որ Դիմադրութիւնը անհրաժեշտ նկատէ, որ Լիբանանի ազգային երկխօսութեան կողքին կարելի ըլլայ նաեւ կազմել բոլոր լիբանանցիներուն հաւանութիւնը վայելող կառավարութիւն մը:
ՄԱՐՏ 8-ի քաղաքական ուժերը «Լիուա» օրաթերթին յայտնեցին, որ անհրաժեշտ է ընդառաջել եւ առանց նախապայմանի մասնակցիլ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի յղած Ազգային երկխօսութեան նիստի հրաւէրին:
ՀԱՂՈՐԴԱԿՑՈՒԹԵԱՆ միջոցներու նախարար Նիքոլա Սահնաուի յայտնեց, որ լիբանանեան բանակը երկրին ապահովութիւնը երաշխաւորող միակ հաստատութիւնն է:
ՓՈԽՎԱՐՉԱՊԵՏ Սամիր Մոքպել երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Փաթրիս Փաուլին: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան Լիբանանի եւ Ֆրանսայի միջեւ յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ տեղական եւ շրջանային իրադարձութիւնները:
ՊԱԹՐՈՒՆԻ մէջ ելեկտրական սարքերու յատուկ պահեստանոց մը երէկ հրկիզուեցաւ: Պահեստանոցը կը պատկանէր Խալիլ Տարուիշի: Բռնկած հրդեհին դրդապատճառները տակաւին յստակ չեն:

