«Բանակին Դէմ Յարձակումը Եւ Պետական Որոշումները Հարուածելը Վտանգաւոր Երեւոյթներ Են» Շեշտեց Զօր. Աուն
Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումը երէկ Ռապիէի մէջ գումարեց իր ընթացիկ նիստը` նախագահութեամբ համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի:
Նիստէն ետք զօր. Աուն մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտնեց, որ ուժանիւթի նախարարը պատրաստած է ծրագիր մը, որուն հիման վրայ Ելեկտրականութեան ընկերութեան պաշտօնեաները պիտի հաստատուին իրենց պաշտօններուն վրայ: Ան դիտել տուաւ, որ այդ պահանջները սկսած են գրգռութիւններով` ընդգծելով, որ կարելիութիւն չկայ բոլոր պաշտօնեաները իրենց պաշտօններուն վրայ հաստատելու:
Զօր. Աուն ըսաւ, որ ներքին ապահովութեան ուժերը իրենց պատասխանատուութիւնները լիովին չեն ստանձներ եւ Ելեկտրականութեան ընկերութեան պաշտօնեաները չեն պաշտպաներ: «Մենք լկտիութեան հանգրուան մըն է, որ կ՛ապրինք ապահովութեան ուժերուն եւ պետական պաշտօններուն մակարդակով», ըսաւ զօր. Աուն:
Զօր. Աուն շեշտեց, որ բանակին դէմ յարձակումը եւ պետական որոշումները հարուածելը վտանգաւոր երեւոյթներ են եւ անոնք կրնան ամբողջ ժողովուրդ մը սպաննել:
Զօր. Աուն հաստատեց, որ երկրին ծախսերու դրութիւնը խախտելու քայլին ուղղակի պատասխանատուն հանրապետութեան նախագահն է` աւելցնելով, որ իրենք պիտի մասնակցին Ազգային երկխօսութեան նիստին եւ այդ մասին պիտի խօսին նախագահին հետ:

