Նախարար Սապունճեան Բացումը Կատարեց Լիբանանցի-Կիպրացի Գործատէրերու Խորհրդաժողովին
Ճարտարարուեստի նախարար Վրէժ Սապունճեան երէկ առաւօտեան ժամը 10:00-ին «Ֆենիսիա» պանդոկին մէջ բացումը կատարեց լիբանանեան ծագում ունեցող կիպրացի գործատէրերու խորհրդաժողովին, որ կազմակերպուած էր Պէյրութի մէջ Կիպրոսի դեսպանատան կողմէ` գործակցութեամբ Պէյրութի եւ Լեռնալիբանանի առեւտրական, ճարտարարուեստի եւ երկրագործութեան գրասենեակներուն:
Խորհրդաժողովին իրենց մասնակցութիւնը բերին Պէյրութի առեւտրական, ճարտարարուեստի եւ երկրագործութեան գրասենեակի նախագահ Մոհամետ Շքէյր, Լիբանանեան-կիպրական առեւտուրի միութեան նախագահ Անթոնիս Հաժի Ռուսոս եւ Լիբանանի մէջ Կիպրոսի դեսպան Հոմեր Մաւրոմմաթիս:
Խորհրդաժողովին ընթացքին նախարար Սապունճեան իր խօսքին մէջ ընդգծեց լիբանանցի եւ կիպրացի ժողովուրդներուն միջեւ խոր յարաբերութիւնը եւ շեշտեց, որ անհրաժեշտ է այդ յարաբերութիւնները գործնական իմաստով ամրապնդել, որպէսզի անոնք օրինակելի դառնան:
Նախարար Սապունճեան նշեց, որ իրենք ամէն ջանք ի գործ կը դնեն Լիբանանի եւ Կիպրոսի մէջ տնտեսական եւ առեւտրական հաստատութիւններ հիմնելու, որպէսզի անոնք օժանդակեն երկու երկիրներուն բարգաւաճման եւ երկու երկիրներուն մէջ ներդրումներ կատարելու անհրաժեշտութեան:
Իր կարգին, Մաւրոմմաթիս կոչ ուղղեց երկկողմանի յարաբերութիւնները բարելաւելու` ամրապնդելու համար երկու երկիրներուն միջեւ տնտեսութիւնն ու առեւտուրը:


