Պըրրի Գիտէ, Թէ Ովքե՛ր Զինք Կ՛ուզեն Սպաննել, Ի՛Նչ Ձեւով Եւ Ո՛ւր Կը Գումարեն Իրենց Նիստերը
Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Պիլալ Շարարան նշանակեց խորհրդարանական Վարժութիւններու եւ օրէնսդրական գիտութիւններու կեդրոնի ընդհանուր տնօրէն:
Նշենք, որ Շարարա նաեւ ստանձնած է խորհրդարանի արտաքին հարցերու յանձնախումբի ընդհանուր քարտուղարութիւնը:
Միւս կողմէ, Պըրրիի մօտիկ աղբիւրներ յայտնեցին, որ Պըրրի Ֆաթհ շարժումի Կեդրոնական խորհուրդի անդամ Ազզամ Ահմետի հետ ունեցած հանդիպումին ընթացքին յայտնած է, որ ինք գիտէ, թէ ո՛վ կ՛ուզէ զինք սպաննել, գիտէ, թէ անոնք ո՛ւր կը հանդիպին եւ ի՛նչ ձեւով կը փափաքին զինք սպաննել:
Նոյն աղբիւրները աւելցուցին, որ Պըրրի Ահմետի յանձնած է նաեւ անոնց անուանացանկը:
Պըրրի մաղթեց նաեւ, որ Պաղեստինեան իշխանութիւնը ճիգ չխնայէ պահպանելու համար պաղեստինեան գաղթակայաններուն ապահովութիւնը եւ երաշխաւորէ, որ անոնք ներքին լիբանանեան կայունութիւնը հարուածելու նպատակով չօգտագործուին:

