Միքաթի Կ՛ողջունէ Երկխօսութեան Հրաւէրը Եւ Կը Շարունակէ Առեւանգուած Լիբանանցիներուն Ազատ Արձակումը Ապահովող Բանակցութիւնները

Թուրքիոյ դեսպանը եւ վարչապետ Միքաթի

Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի ողջունեց հանրապետութեան նախագահին ուղղած երկխօսութեան հրաւէրը` մաղթելով, որ ազգային երկխօսութեան գաղափարը դրական արդիւնքներու յանգի եւ ծառայէ անխտիր բոլոր լիբանանցիներուն շահերուն:

«Երկխօսութեան հրաւէրը եւ անոր օրակարգին ճշդումը ինքնին բացառիկ նախաձեռնութիւն է, եւ ես կը մաղթեմ, որ բոլորը ընդառաջեն հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի հրաւէրին», ըսաւ վարչապետ Միքաթի` աւելցնելով, որ նախկին փորձառութիւնները կը փաստեն, թէ երկխօսութիւնը միակ միջոցն է` ներքին լիբանանեան հարցերուն լուծման:

Միւս կողմէ, վարչապետ Միքաթի յայտնեց, որ հակառակ Լիբանանի դիմագրաւած բոլոր հարցերուն եւ դժուարութիւններուն, կեանքը տակաւին կը շարունակուի: Ան նշեց, որ Լիբանան կը պատրաստուի մեծ թիւով զբօսաշրջիկներ դիմաւորելու եւ այդ առումով ալ կ՛աշխատի օդակայանին մէջ ապահովական եւ վարչական որոշ գործառնութիւններ դիւրացնելու:

Այդ նպատակով վարչապետ Միքաթի նախագահեց նիստի մը, որուն ընթացքին ան շեշտեց, որ իրենք պատասխանատու են զբօսաշրջիկներուն ապահովութեան եւ անվտանգութեան:

Վարչապետ Միքաթի երէկ վարչապետարանին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Թուրքիոյ դեսպան Ինան Էօզեըլտըզը, որուն հետ քննարկեց Լիբանանը յուզող իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ լիբանանցի առեւանգուածներուն վերաբերեալ թրքական կողմին կատարած հաղորդակցութիւնները:

Վարչապետ Միքաթիի այցելեց նաեւ Լիբանանի մէջ Իրանի դեսպան Ղատանֆար Ապատի, որ յայտնեց, թէ ինք վարչապետ Միքաթիին յանձնած է գրաւոր նամակ մը` Իրանի Ա. փոխնախագահ Մոհամետ Ռիտա Ռահիմիի կողմէ:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան երկկողմանի յարաբերութիւններն ու շրջանային զարգացումները:

Ապատի յայտնեց, որ վարչապետ Միքաթի հանդիպումին ընթացքին շեշտած է, որ առեւանգուած լիբանանցիները ողջ առողջ են եւ զանոնք ազատ արձակելու ջանքերը ի զօրու են:

Վարչապետ Միքաթիի այցելեց նաեւ ասորի կաթողիկէ համայնքի Մար Իգնատիոս Պուլոս Գ. Եունան պատրիարքը:

ՆՇԵՆՔ, որ «Տիար» օրաթերթին համաձայն, առողջապահութեան նախարար Ալի Հասան Խալիլ եւ Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլայի օգնական հաժ Հիւսէյն Խալիլ նախանցեալ երեկոյեան այցելած են վարչապետ Միքաթիի եւ անոր հետ քննարկած առեւանգուած լիբանանցիներուն վերաբերող հարցեր:

 

Share this Article
CATEGORIES