«Բանակը Երկրին Ողնաշարն Է Եւ Անոր Միասնականութիւնը Անհրաժեշտ Է» Շեշտեց Նախագահ Սլէյման

Հանրապետութեան նախագահը իր խօսքը կ՛ուղղէ սպաներուն

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ առաւօտեան Եարզէի մէջ խօսք մը ուղղեց լիբանանեան բանակի սպաներուն:

Նախագահ Սլէյման ընդգծեց բանակի սպաներուն դերակատարութիւնը` երկրի ապահովական կայունութիւնը պահպանելու առումով:

Նախագահ Սլէյման շեշտեց, որ լիբանանեան բանակը երկրին ողնաշարն է եւ անոր միասնականութիւնը անհրաժեշտ է, նոյնիսկ եթէ լիբանանեան ընկերութեան բոլոր շերտերը բաժնուին:

Նախագահ Սլէյման յայտնեց, որ իրենք կ՛ուղղուին դէպի Ազգային երկխօսութիւն նիստերու վերսկսում, եւ պէտք է օգտուիլ քաղաքական այն ուժերէն, որոնք որոշ հանգրուանի մը ընթացքին որդեգրած են Դիմադրութեան հովանաւորութիւնը:

Միւս կողմէ, նախագահական պալատին հրապարակած շրջաբերականին համաձայն, լիբանանցի ղեկավարները հրաւիրուած են  Ազգային երկխօսութեան նիստի մը, որ տեղի պիտի ունենայ յառաջիկայ 11 յունիսին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին, նախագահական պալատին մէջ:

Ըստ շրջաբերականին, Ազգային երկխօսութեան նիստին ընթացքին պիտի քննարկուին հիմնական երեք հարցեր, որոնք հետեւեալներն են.

ա) Դիմադրութեան զէնքը եւ երկրին պաշտպանութեան ռազմավարութեան մէջ այդ զէնքին դրական կէտերէն օգտուելու կարեւորութիւնը, բ) Լիբանանի զանազան շրջաններուն մէջ զէնքի գոյութեան հարցը եւ գ) Ազգային երկխօսութեան նախկին նիստերուն ընթացքին տրուած որոշումներուն գործադրութեան անհրաժեշտութիւնը, յատկապէս ինչ կը վերաբերի պաղեստինեան գաղթակայաններուն մէջ եւ անոնցմէ դուրս գտնուող զէնքի հարցին կարգաւորման:

Share this Article
CATEGORIES