Առեւանգուած Լիբանանցիները Ազատ Արձակելու Բանակցութիւնները Գաղտնաբար Կը Շարունակուին

Հալէպի մէջ առեւանգուած լիբանանցիներուն ճակատագիրը տակաւին կը մնայ անյայտ, իսկ զանոնք Լիբանան վերադարձնելու ճիգերուն ու ջանքերուն մասին երկրին իշխանութեան պետերուն եւ պատասխանատուներուն յայտարարութիւնները կը մնան ոչ ամբողջական:

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի «Սաֆիր» օրաթերթին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ լիբանանցի առեւանգուածներուն հարցին շուրջ բանակցութիւնները կը շարունակուին` յոյս յայտնելով, որ յառաջիկայ 48 ժամուան ընթացքին այդ հարցին լուծման առնչութեամբ որոշ յստակացում մը կատարուի:

Ըստ Պըրրիի, լիբանանցի առեւանգուողները ողջ առողջ են, ըստ սուրիական ընդդիմութեան եւ թրքական աղբիւրներուն:

Պըրրի շեշտեց, որ Ամալ շարժումը եւ Հըզպալլան մնայուն կերպով կ՛աշխատին զսպելու համար փողոցը` աւելցնելով, որ այս հանգրուանին անհրաժեշտ է միայն համբերել եւ սպասել` լուծելու համար այդ հարցը:

Վարչապետ Միքաթիի համաձայն, լիբանանեան պետութիւնը ամէն ճիգ ի գործ կը դնէ բոլոր կողմերուն հետ շարունակելու համար առեւանգուածներուն թղթածրարին քննարկումը:

Անպաշտօն տեղեկութիւններու համաձայն, նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի առեւանգեալներու ազատ արձակումին հարցով իր միջամտութիւններուն վերջ տուած է` ենթարկուելով Սէուտական Արաբիոյ կամքին:

Առեւանգուողներուն թղթածրարին լոյսին տակ, Թուրքիոյ նախագահ Ապտիւլլա Կիւլի խորհրդական Արշատ Հիւրմիւզլիւ յայտնեց, որ Սուրիոյ մէջ առեւանգուած լիբանանցիներուն մասին ոչ մէկ նորութիւն կայ` աւելցնելով, որ անոնք տակաւին Թուրքիա չեն հասած:

Սուրիական բանակէն դասալիք եղած սպայ Ռիատ Ասաատ շեշտեց, որ առեւանգուած լիբանանցիները տակաւին կը գտնուին սուրիական հողերուն վրայ. ան աւելցուց, որ անոնք ուղղակի կապեր ունին Հըզպալլայի հետ:

Ըստ «Ախպար» օրաթերթին, առեւանգուածները երկրորդ օրն իսկ հասած են Կիլիկիոյ Քիլիս քաղաքին մէջ գտնուող թրքական գաղտնի սպասարկութեան կեդրոնը:

Պետական նախարար Ալի Քանսօ յայտնեց, որ առեւանգուած լիբանանցիները Թուրքիոյ սահմանին մօտակայքը կը գտնուին` աւելցնելով, որ Լիբանանի կառավարութիւնը յստակ տեղեկութիւններ չունի ընթացող բանակցութիւններուն մասին:

Քանսօ նկատել տուաւ, որ այդ թղթածրարին իմաստով գործող պատասխանատու կողմ մը կայ, որուն անունը Թուրքիա է, սակայն վերջինս լուռ կը մնայ: Ան աւելցուց, որ վարչապետ Միքաթի եւ արտաքին գործոց նախարար Ատնան Մանսուր թրքական կողմին հետ կապի մէջ են եւ կը փորձեն իմանալ առեւանգուածները ազատ արձակելու բանակցութիւններուն մասին հաստատ տեղեկութիւններ:

Այս առումով Քանսօ շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի, որ իր անձնական օդանաւը ղրկած էր առեւանգուածները փոխադրելու Լիբանան: «Իսկ եթէ Հարիրի ստոյգ տեղեկութիւններ ստացած չըլլար այդ մասին, ապա ան իր օդանաւը Ատանայի օդակայանը չէր ուղարկեր», ըսաւ Քանսօ:

Միւս կողմէ, արտաքին գործոց նախարար Ատնան Մանսուր երէկ Պուսթրոս պալատին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Սուրիոյ դեսպան Ալի Ապտել Քերիմ Ալին, որ անոր յանձնեց նամակ մը սուրիացի իր պաշտօնակիցէն` Ուալիտ Մոալլեմէն:

«Նամակը կը վերաբերի «Լութֆալլա 2» նաւուն», ըսաւ Ալի:

Ակնարկելով առեւանգուած լիբանանցիներուն` Ալի յայտնեց, որ Լիբանանի եւ Սուրիոյ միջեւ գործակցութիւնը առկայ է այդ իմաստով: Ան աւելցուց, որ իրականութեան թելերը արդէն իսկ յստակ են այդ առումով եւ յոյս յայտնեց, որ առեւանգուածները ողջ առողջ վերադառնան իրենց ընտանիքներուն:

Յետմիջօրէին նախարար Մանսուր շեշտեց, որ առեւանգուած լիբանանցիները ողջ առողջ են` աւելցնելով, որ զանոնք ազատ արձակելու բանակցութիւնները կատարեալ գաղտնապահութեամբ կը կատարուին:

Առեւանգուած լիբանանցիներու թղթածրարին հետեւելու նպատակով Շիիներու գերագոյն խորհուրդի ներկայացուցիչ շէյխ Ապպաս Զղէյպ կոչ ուղղեց լիբանանեան եւ թրքական պետութիւններուն` արագացնելու առեւանգուածներու թղթածրարին լուծումը, աւելցնելով, որ այդ հարցին լուծումը ուշացնելու պարագային իրենք չեն երաշխաւորեր հակազդեցութիւնները հակակշռելու իրենց կարողութիւնը:

Երեկոյեան ժամը 5:00-ին, Լիբանանի մէջ Թուրքիոյ դեսպան Ինան Էօզեըլտըզ այցելեց Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի նախագահ Մոհամետ Ռաատի, որուն հետ քննարկեց առեւանգուած լիբանանցիներուն թղթածրարը:

Էօզեըլտըզ նշեց, որ Թուրքիա ամէն ջանք ի գործ կը դնէ` ազատ արձակելու առեւանգուած լիբանանցիները:

Նշենք, որ Ռաատ հանդիպում մը ունեցաւ նաեւ նախկին նախագահ զօր. Էմիլ Լահուտի հետ եւ քննարկեց առեւանգուածներուն թղթածրարը:

Հանդիպումէն ետք Ռաատ յայտնեց, որ առեւանգուած լիբանանցիներուն հարցը կատարեալ բծախնդրութեամբ կը հետապնդուի:

Պէտք է աւելցնել, որ Հըզպալլա հերքեց այն տեղեկութիւնները, թէ լիբանանցի առեւանգեալները ազատ արձակելու համար Հըզպալլայէն կը պահանջուի ուղղակի կերպով դատապարտել Սուրիոյ վարչակարգը` Հուլայի սպանդը գործելու յանցանքով:

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES