Կառավարութեան Նիստին Ընթացքին Վարչապետ Միքաթի Կոչ Ուղղեց Մասնակցելու Ազգային Երկխօսութեան Նիստին
Կառավարութիւնը երէկ կէսօրէ ետք ժամը 4:30-ին վարչապետարանին մէջ գումարեց իր ընթացիկ նիստը` նախագահութեամբ վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի:
Կառավարութիւնը քննարկեց 49 կէտերէ բաղկացած օրակարգ մը, որոնք բոլորը վաւերացուեցան:
Օրակարգէ դուրս քննարկուեցան նաեւ օրավարձի դրութեամբ աշխատող Ելեկտրականութեան ընկերութեան պաշտօնեաներուն հարցը եւ Սուրիոյ մէջ առեւանգուած լիբանանցիներուն թղթածրարը:
Նիստին ընթացքին վարչապետ Միքաթի յայտնեց, որ Ելեկտրականութեան ընկերութեան պարագային կարելի չէ այդ պաշտօնեաները իրենց գործին մէջ հաստատելու որոշումը տալ մագլցողական քայլերով:
Միւս կողմէ, առեւանգուածներուն թղթածրարին հարցին ակնարկելով, վարչապետ Միքաթի շատ չխորացաւ այդ հարցին մէջ` նկատի ունենալով, որ այդ թղթածրարը եւ քաղաքական այլ հարցեր պիտի քննարկուին նախագահական պալատին մէջ կառավարութեան գումարելիք այսօրուան նիստին ընթացքին:
Առեւանգուածներուն թղթածրարին մասին խօսելով` կառավարութիւնը նշեց, որ Թուրքիա լուրջ աշխատանք կը տանի այդ իմաստով:
Վարչապետ Միքաթի նիստին ընթացքին յայտնեց, որ առեւանգուածներուն հարցը ամբողջ Լիբանանին հարցն է եւ ոչ միայն մէկ համայնքի կամ յարանուանութեան:
Վարչապետ Միքաթի կոչ ուղղեց քաղաքական բոլոր ուժերուն առանց նախապայմանի մասնակցելու Ազգային երկխօսութեան նիստին:


