«Առեւանգուած Լիբանանցիներուն Հարցով Թուրքիոյ Դերակատարութեան Նկատմամբ Կասկածներ Ունինք» Ընդգծեց Յ. Բագրատունի
Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի «Մատա» ձայնասփիւռի կայանին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ Սուրիոյ մէջ լիբանանցիներու առեւանգումին հարցով իրենք Թուրքիոյ դերակատարութեան եւ կեցուածքներուն նկատմամբ կասկած ունին, որովհետեւ յստակօրէն երեւելի է թուրքերուն եւ առեւանգողներուն միջեւ յարաբերութեան առկայութիւնը:
Յ. Բագրատունի յայտնեց, որ Թուրքիա կը փորձէ չարաշահել այս միջադէպը, որպէսզի անոր ընդմէջէն ինքզինք պարտադրէ Սուրիոյ եւ Լիբանանի մէջ, այնպէս, ինչպէս կատարած էր «Մաւի Մարմարա» նաւուն պարագային:
Երեսփոխան Բագրատունի զգուշացուց շրջանին մէջ Թուրքիոյ դերակատարութենէն` աւելցնելով սակայն, որ լիբանանեան պետութեան հիմնական նպատակն է առեւանգուած լիբանանցիներուն ազատ արձակումը:
Անդրադառնալով հանրապետութեան նախագահին յղած` Ազգային երկխօսութեան նիստի հրաւէրին` Յ. Բագրատունի շեշտեց, որ երկխօսութեան մասին իրենց կեցուածքը յստակ է եւ սկզբունքային: Ան ընդգծեց, որ լիբանանցիները տակաւին չեն սորված, որ երկրին հարցերը լուծելու միակ միջոցը երկխօսութիւնն է, որովհետեւ միայն երկխօսութեամբ կարելի պիտի ըլլայ համախոհութեան յանգիլ: «Մենք Պաապտայի պալատ առաջին հասնողներէն պիտի ըլլանք», հաստատեց Յ. Բագրատունի` մաղթելով, որ երկխօսութեան նիստին մասնակից կողմերը նիստին ներկայանան առանց նախապայմանի:

