Չեխիոյ Դիւանագիտական Ներկայացուցչութիւն` Հայաստանի Մէջ
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան երէկ ընդունեց Չեխիոյ գործերու հաւատարմատար Փեթր Միքիսքան` Երեւանի մէջ Չեխիոյ դիւանագիտական ներկայացուցչութեան բացման առիթով:
Նալբանդեան վստահութիւն յայտնեց, որ Երեւանի մէջ Չեխիոյ դիւանագիտական ներկայացուցչութեան հիմնումը նոր լիցք պիտի հաղորդէ հայ-չեխական համագործակցութեան յաւելեալ զարգացման:
Չեխ դիւանագէտը վստահեցուց, որ պիտի կատարէ առաւելագոյնը երկկողմանի յարաբերութիւններու ընդլայնման համար:
Զրուցակիցները միտքեր փոխանակեցին երկկողմանի, Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն յարաբերութիւններու եւ շրջանային հարցերուն շուրջ:
CATEGORIES Հայկական

