ՀՅԴ-ն Հայաստանի Անկախութեան Տօնը Կը Նշէ Արամ Մանուկեանի Շիրիմը Այցելելով
Հայաստանի անկախութեան տօնին առիթով ՀՅԴ Երեւանի մարզային կոմիտէն այցելեց Հայաստանի Ա. անկախ հանրապետութեան հիմնադիր Արամ Մանուկեանի գերեզմանը: ՀՅԴ գործիչ Հայկազ Ալվրցեան իր խօսքին մէջ կարեւոր նկատեց Արամ Մանուկեանի դերը եւ նշանակութիւնը` նշելով, որ անոր անմիջական նուիրումին շնորհիւ նաեւ դարեր ետք կերտուեցաւ Հայաստանի անկախ հանրապետութիւնը:
Արամ Մանուկեանի շիրիմին քով տեղի ունեցաւ նաեւ երդման արարողութիւն: 22 նորագիրներ, ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի անդամ Հրաչ Թադեւոսեանի կնքահայրութեամբ, երդում տուին հաւատարիմ ծառայել ազատ, անկախ եւ միացեալ Հայաստանի կերտման գաղափարին:
Նմանատիպ ձեռնարկներ տեղի ունեցան նաեւ Սարդարապատի, Ապարանի եւ Տաւուշի մէջ, ուր ընդհանուր թիւով 131 նորագիրներ անդամագրուեցան ՀՅԴ-ին:
CATEGORIES Հայկական


