Նախագահ Սարգսեան Ընդունեց Պարոնուհի Քոքսը
Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ ընդունեց Մեծն Բրիտանիոյ լորտերու տան անդամ, պարոնուհի Քարոլայն Քոքսը:
Նախագահը ողջունեց պարոնուհին եւ բարձր գնահատեց տարիներէ ի վեր Հայաստանին եւ Արցախին անոր ցուցաբերած աջակցութիւնը, ծաւալած մարդասիրական գործունէութիւնը եւ հայ-բրիտանական յարաբերութիւններու ամրապնդման ուղղութեամբ ջանքերը:
Նախագահ Սերժ Սարգսեան ընդգծեց, որ հայ ժողովուրդը յատուկ վերաբերմունք ունի իր բարեկամներուն նկատմամբ եւ մշտապէս երախտագիտութեամբ կը յիշէ եւ կը գնահատէ զանոնք:
Նախագահ Սերժ Սարգսեան եւ պարոնուհի Քոքս խօսեցան Հայաստանի մէջ իրականացուող բարեփոխումներուն, Հայաստանի զարգացման առաջնահերթութիւններուն, Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն համագործակցութեան մասին եւ կարեւոր նկատեցին միջազգային հանրութեան Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրին վերաբերեալ անաչառ եւ լիարժէք տեղեկատուութեան տրամադրման ուղղութեամբ հետեւողական աշխատանքը:


