Գաղութէ – Գաղութ

Սուրիա

Հայ Սկաուտի Տօնակատարութիւն

Վերջերս, ՀՄԸՄ-ի Լաթաքիոյ մասնաճիւղին կազմակերպութեամբ նշուեցաւ Հայ սկաուտի 100-ամեակը:

Մասնաճիւղի խմբապետ Րաֆֆի Գոչեան իր բացման խօսքին մէջ կոչ ուղղեց աշխատանք տանիլ` հայութեան բարոյական հիմերը զօրացնելու եւ բարձրացնելու հայութիւնը:

Սկաուտական խորհուրդի ատենապետուհի Ալին Գաբրիէլեան շեշտեց, որ հայ սկաուտութեան հիմնադրութեան 100-ամեակին առիթով պէտք է իւրաքանչիւր սկաուտ ըլլայ աւելի հաստատակամ` բարձր պահելով միութեան անունն ու վարկը, որպէսզի անաղարտ մնան ազգային մեր դիմագիծը, միութենական ոգին եւ հաւաքական կամքը:

Այնուհետեւ ներկայացուեցաւ կենդանի պատկեր մը, որ կ՛առնչուէր Հայ գիրքի տարուան, որուն յաջորդեց աստիճանատուչութիւն:

Մասնաճիւղի վարչութեան ատենապետ Յարութ Գաբրիէլեան ըսաւ ՀՄԸՄ-ի Սուրիոյ Շրջանային սկաուտ խորհուրդին խօսքը` եւ շնորհաւորեց Հայ Սկաուտի օրը եւ սկաուտական շարժման 100-ամեակը` հաստատելով, որ ՀՄԸՄ-ը կանգուն է եւ վստահութեամբ կը դիտէ իր ապագան: Ապա ան յուշանուէր մը յանձնեց Պօղոս Ղազարեանին` իր տարած աշխատանքին համար:

Այնուհետեւ գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր, որմէ ետք Լաթաքիոյ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Գառնիկ քհնյ. Չափանեան խօսք առնելով ՀՄԸՄ-ին մաղթեց նորանոր վերելքներ եւ նուաճումներ:

 

Ֆրանսա

Շուշիի Ազատագրման 20-Ամեակին
Նուիրուած Ձեռնարկ

Նախաձեռնութեամբ Ֆրանսայի Վալանս քաղաքի շուրջ երեսուն ֆրանսահայ կազմակերպութիւններու, 2 մայիսին Վալանսի Հայ մշակութային ժառանգութեան բարեկամներու կեդրոնի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Շուշիի ազատագրման 20-ամեակին նուիրուած ձեռնարկ:

Խօսք առնողները շեշտեցին Շուշիի ազատագրման առանձնայատուկ կարեւորութիւնը հայութեան համար` Արցախի, Հայաստանի եւ սփիւռքի մէջ:

Աւարտին, Ֆրանսայի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Վիգէն Չիթեչեան պատասխանեց Հայաստանի ներքին եւ արտաքին քաղաքականութեան վերաբերող զանազան հարցումներու:

Վալանս այցելութեան շրջագիծին մէջ, դեսպան Չիթեչեան նաեւ հանդիպումներ ունեցաւ Տրոմ նահանգի պատկան մարմիններու ներկայացուցիչներուն հետ:

 

Հոլանտա

Հոլանտացի Երեսփոխանին Հանդիպումը`
Հայ
Համայնքի Ներկայացուցիչներուն Հետ

Էսմէ Վիկման

Վերջերս Լա Հէյի հայ համայնքի ներկայացուցիչները հանդիպում ունեցան Հոլանտայի Քրիստոնեայ-դեմոկրատական միութեան երեսփոխան Էսմէ Վիկմանի հետ, որ այցելեց Հայաստան եւ Ղարաբաղ` «Արի եւ օգնիր» ծրագրի շրջագիծին մէջ:

Հոլանտայի մէջ  Հայաստանի դեսպան Ձիւնիկ Աղաճանեան շնորհակալութիւն յայտնեց Վիկմանին այցելութեան համար,  յոյս յայտնելով, որ նմանօրինակ այցելութիւններ  նպաստեն երկկողմ յարաբերութիւններու զարգացման:

 

Միացեալ Նահանգներ

ՀՅԴ Ներկայացուցիչներ Կը Հանդիպին
Մուսա
Լեռ Հայրենակցական Միութեան
Վարչութեան
Հետ

Հայրենակցական միութիւններու հետ հանդիպումներ ունենալու ծիրին մէջ, ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէի Հանրային կապի յանձնախումբը 16 մայիսին Մոնթրոզի Հայ կեդրոնին մէջ հանդիպում ունեցաւ Մուսա Լեռ հայրենակցական միութեան վարչութեան հետ:

Անդրադառնալով Հանրային կապի յանձնախումբին նախաձեռնած սոյն հանդիպումներու շարքին` Րաֆֆի Կիւրիւնեան նշեց, որ հիմնական նպատակը  գաղութին մէջ գործող հայրենակցական եւ այլ հասարակական կազմակերպութիւններու գործունէութեան ծանօթանալը եւ համագործակցութեան դաշտի ծաւալումն ու կապերու  ամրապնդումն է:

Մուսա Լեռ հայրենակցական միութեան ատենապետուհի Հայկուհի Գասամանեանը իր հերթին ուրախութիւն յայտնելով սոյն հանդիպման համար` կարեւոր նկատեց միասնաբար աշխատելու եւ  նման հանդիպումները շարունակական դարձնելու առաւելութիւնը, որ իր արդիւնաւէտ ներդրումը կ՛ունենայ գաղութի հասարակական ու միութենական կեանքի աշխուժացման գործընթացին մէջ:

Հանդիպման ընթացքին վարչութեան անդամները տեղեկութիւններ փոխանցեցին միութեան աշխատանքներուն մասին:

 

Քանատա

Դեսպան Եկանեանին Այցելութիւնը

13-16 մայիսին Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Արմէն Եկանեան այցելեց Քանատայի Քոլոմպիա նահանգը, ուր ծանօթացաւ խաղողագործական ընկերութեան, փայտամշակման արտադրութեան, շինարարական մեծագոյն ընկերութեան, Հիւսիսային Ամերիկայի մէջ օդանաւերու վերանորոգման եւ օդաչուներու նախապատրաստման առաջատար ընկերութեան գործունէութեան:

Եկանեան այցելեց նաեւ արհեստագիտութեան ծիրին մէջ գործող այլ ընկերութիւններ, ինչպէս նաեւ` Բրիտանական Քոլոմպիայի համալսարան:

Հայաստանի դեսպանը հանդիպում ունեցաւ քաղաքապետ Ուոլթըր Կրէյի հետ, որ ներկայացուց քաղաքին զարգացման հիմնական ոլորտները:

Այցելութեան ընթացքին Հայաստանի դեսպանը ներկայացուց Հայաստանի տնտեսութեան կարեւոր բնագաւառները, երկրի առկայ  գործարար մթնոլորտը, ինչպէս նաեւ առաջարկեց երկկողմ համագործակցութեան բազմաթիւ ձեւեր:

 

Ուքրանիա

Գիտնական Գաբրիէլ Այվազովսկիի Ծննդեան
200-
Ամեակին Նուիրուած Ցուցահանդէս

10 մայիսին, Թէօդոսիոյ հնագիտական թանգարանին մէջ (Ղրիմ, Ուքրանիա) հանրայայտ ծովանկարիչ Յովհաննէս Այվազովսկիի եղբօր` ականաւոր գիտնական, պատմաբան, թարգմանիչ, հայ եկեղեցական գործիչ Գաբրիէլ Այվազովսկիի ծննդեան 200-ամեակին առիթով տեղի ունեցաւ «Գաբրիէլ Այվազովսկին եւ Խալիպեան ուսումնարանը. թանգարանի ֆոնտերու նիւթերը» խորագիրը կրող ցուցահանդէս:

Գաբրիէլ Այվազովսկի 1858-ին աշխուժ մասնակցութիւն ունեցած է Նախիջեւանի քաղաքապետ, առեւտրական ու հասարակական գործիչ Յարութիւն Խալիպովի անձնական միջոցներով կառուցուող Խալիպեան ուսումնարանի ստեղծման աշխատանքներուն մէջ: 1865-ին դարձած է ուսումնարանի տնօրէն` աշխատելով մինչեւ 1871:

Թանգարանին մէջ ներկայացուած են ուսումնարանի մասին փաստաթուղթերու պատճէններ, ուսումնարանի տպագրատան կողմէ հրատարակուած «Ռատուկա» ամսագիրի ձեռագիրը (1860), լուսանկարներ եւ 1865-ին հրատարակուած ու հայերէնով գրուած «Ղրիմի պատմութիւնը» աշխատութիւնը, որ կը համարուի հազուագիւտ մատենագիտական աշխատանք:

 Հայ Գրատպութեան 500-Ամեակին
Նուիրուած Ձեռնարկ

21 մայիսին Քիեւի մէջ տեղի ունեցաւ գրական երեկոյ` նուիրուած ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի կողմէ Երեւանը գիրքի համաշխարհային մայրաքաղաք հռչակուելուն եւ հայ գրատպութեան 500-ամեակին:

Քիեւի «Մաքսիմ Ռիլսկի»-ի անուան գրական-յուշային թանգարանին մէջ տեղի ունեցաւ ուքրանական «Վսեսվիտ» ամսագրի յատուկ թիւին շնորհահանդէսը` նուիրուած  հայ գրականութեան, մշակոյթին եւ պատմութեան:

 

Աւստրալիա

Աւստրալիոյ Հայ Դատի Յանձնախումբը
Ունեցաւ
Նոր Գործադիր Տնօրէն

Աւստրալիոյ Հայ դատի յանձնախումբը յայտարարեց, որ յանձնախումբի գործադիր տնօրէնի պաշտօնը Վարանդ Մկրտիչեանէն փոխանցուեցաւ Վաչէ Ղահրամանեանին, որ նկատել տուաւ, թէ յանձնախումբը տակաւին մեծ խնդիրներ կը դիմագրաւէ, որոնցմէ կարեւորագոյնը Աւստրալիոյ մէջ Հայոց ցեղասպանութեան հարցին տարածումն է, եւ յոյս յայտնեց, որ պիտի հասնինք դրական արդիւնքի:

 

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ

Share this Article
CATEGORIES