Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետի Այցելութիւնները
11 մայիսին Ս. Ամենափրկիչ վանքի Ծաղկեայ դահլիճին մէջ Արամ Ա. կաթողիկոս հանդիպում ունեցաւ Սպահանի հայոց թեմի Պատգամաւորական ժողովին, Թեմական ու Կրօնական խորհուրդներուն եւ Հաշուեքննիչ Մարմինի անդամներուն հետ:
Պատգամաւորական ժողովի ատենապետ Աշոտ Դաւթեան շնորհակալական խօսք ուղղեց վեհափառ հայրապետին` իրենց թեմին շնորհած հովուապետական այս այցելութեան համար:
Իր հայրապետական պատգամը ուղղելով ներկաներուն` վեհափառ հայրապետը նշեց, թէ եկեղեցին մեծ կարեւորութիւն կու տայ ազգային եկեղեցի ըլլալու իրողութեան` աւելցնելով, որ մեր պատմութեան ընթացքին մեր եկեղեցւոյ ազգային նկարագիրը` ժողովուրդին հետ ըլլալու, ժողովուրդին համար ըլլալու եւ իր ժողովուրդին միանալու իրողութիւնը շատ շեշտուած է: Անդրադառնալով Սպահանի թեմին մէջ վերջին տարիներուն կատարուած աշխատանքներուն, յատկապէս` կրօնական դաստիարակութեան եւ ժողովուրդի ծառայութեան մարզերուն մէջ, վեհափառը նկատել տուաւ, որ հարկ է գտնել այնպիսի միջոցներ, որոնցմով մեր եկեղեցւոյ ծառայութիւնը ըլլայ աւելի ազդու եւ շինիչ` ի խնդիր ժողովուրդի կեանքի կազմակերպման ու բարգաւաճման:
Երեկոյեան Ս. Ամենափրկիչ վանքի Յովսէփ Արիմաթացի եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ Ս. պատարագ, որուն ընթացքին վեհափառը ներկաներուն փոխանցեց իր հայրապետական պատգամը:
Պատարագէն ետք Նոր Ջուղայի հայոց ակումբին մէջ տեղի ունեցաւ ընթրիք-երեկոյ` ի պատիւ վեհափառ հայրապետին: Երեկոյի ընթացքին վեհափառը թեմի առաջնորդ Բաբգէն եպս. Չարեանին նուիրեց եպիսկոպոսական պանակէ մը, իսկ իւրաքանչիւր քահանայ հօր` ձեռքի խաչ մը:
12 մայիսին Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը այցելեց Ս. Ամենափրկիչ վանքի թանգարան, ապա` Նոր Ջուղայի հայոց ազգային կրթահամալիր:
Խօսքեր արտասանեցին «Կատարինեան» դպրոցի փոխտեսուչ Արթին Մուրատեան, Սպահանի հայոց թեմի Կրթական խորհուրդի ատենապետ Ջանսոն Աղապապայեան, որմէ ետք գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր:
Վեհափառ հայրապետը իր խօսքին մէջ առանձնացուց հայ դպրոցը իր ինքնութեամբ, առաքելութեամբ եւ նպատակով` կոչ ուղղելով աշակերտներուն հաւատարիմ ըլլալ հայ դպրոցին եւ մասնակից դառնալ անոր նուիրական առաքելութեան:
Նոյն օրը Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը այցելեց Նոր Ջուղայի Ս. Բեթղեհէմ, Ս. Աստուածածին, Ս. Յակոբ, Ս. Գէորգ եւ Ս. Ստեփանոս եկեղեցիները, ապա հայոց ազգային կրթահամալիրի «Ալենուշ Տէրեան» սրահին մէջ հանդիպում ունեցաւ թեմի երիտասարդութեան հետ:
Երեկոյեան ան այցելեց Նոր Ջուղայի Հայ Մ. Մ. «Արարատ» միութիւն, ուր տեղի ունեցաւ գեղարուեստական ձեռնարկ:
13 մայիսին Նոր Ջուղայի Ս. Ստեփանոս եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ Ս. պատարագ, որուն ընթացքին վեհափառ հայրապետը փոխանցեց իր հայրապետական պատգամը:
Նոյն օրը կէսօրէ ետք, աւարտելով Սպահանի հայոց թեմ կատարած իր հովուապետական այցը, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը իրեն ընկերակցող պատուիրակութեան հետ վերադարձաւ Թեհրան:
17 մայիսին վեհափառ հայրապետը այցելեց Ղազուինի Ս. Հռիփսիմէ եկեղեցին, ուր տուաւ իր հայրապետական պատգամը: Ապա մեկնեցաւ Ռաշտ` Ս. Մեսրոպ եկեղեցի, ուր Վարազդատ Ա. քհնյ. Տէրտէրեան համառօտ կերպով ներկայացուց Ռաշտի համայնքը, որմէ ետք խօսք առաւ վեհափառը:
Նոյն օրը երեկոյեան պատուիրակութիւնը մեկնեցաւ Անզալի, ուր 18 մայիսին Անզալիի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ Ս. պատարագ: Վեհափառը իր խօսքին մէջ կարեւորութեամբ անդրադարձաւ իրարու հանդէպ սիրոյ անհրաժեշտութեան` որպէս քրիստոնէութեան հիմքի:
19 մայիսին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս Արամ Ա. վեհափառ հայրապետ այցելեց Թեհրանի Ս. Մինաս եկեղեցի:
Թեհրանի հայոց թեմի առաջնորդ Սեպուհ արք. Սարգիսեան խօսք առնելով` նշեց, որ Ս. Մինաս եկեղեցին վերանորոգուած ու բարեկարգուած է քաղաքապետարանին ու պատկան մարմիններուն կողմէ: Ապա վեհափառ հայրապետը գնահատեց պատկան մարմինները` անոնց տարած աշխատանքին համար, աւելցնելով, որ պէտք է վերանորոգենք նաեւ մեր հոգիները եւ անձերը` հոգեւոր, բարոյական եւ ազգային իմաստով:
Նոյն օրը երեկոյեան «Արարատ» մարզաւանի «Սասունցի Դաւիթ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ գեղարուեստական ձեռնարկ` նախաձեռնութեամբ վեհափառ հայրապետի ընդունելութեան յանձնախումբին:
Բացման խօսքով ելոյթ ունեցաւ Թեհրանի հայոց թեմի առաջնորդ Սեպուհ արք. Սարգիսեան, որ նկատել տուաւ, թէ ձեռնարկը իր գեղարուեստական ծրագրով, կազմակերպուած է ի պատիւ վեհափառ հայրապետին` անոր Թեհրան այցելութեան առիթով, եւ որ խօսուն վկայութիւնն է մեր ժողովուրդի եւ մեր համայնքի կենսունակութեան, իր ազգային պարտականութեանց ու պարտաւորութեանց կատարման ուղղութեամբ ունեցած յանձնառութեան:
Այնուհետեւ գործադրուեցաւ գեղարուեստական բաժինը, որմէ ետք վեհափառ հայրապետին ձեռամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան «Ասպետ», «Մեսրոպ Մաշտոց» շքանշաններ շնորհուեցան կարգ մը ազգայիններու, իսկ Թեմական խորհուրդի ատենապետ Եդուարդ Պապախանեան յուշանուէր մը յանձնեց վեհափառ հայրապետին:
Աւարտին, վեհափառ հայրապետը խօսք առնելով` նկատել տուաւ, որ ինք սոյն մշակութային երեկոն կը նուիրէ բոլոր անոնց, որոնք մեր պատմութեան մէջ ստեղծեցին ու պահեցին հայ մշակոյթը եւ կը ձօնէ բոլոր հայորդիներուն, որոնք քարին արուեստ, խօսքին ոգի ու ցեղին յաւերժութիւն տուին` իրենց հաւատքի ջերմութեամբ, իրենց ստեղծագործ ոգիով: Վեհափառ հայրապետը նաեւ կոչ ուղղեց հաւատարիմ մնալ հայ մշակոյթին, զայն հարստացնել եւ ծանօթացնել շրջապատին:
20 մայիսին Արամ Ա. կաթողիկոս այցելեց Թեհրանի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցի, ուր նախագահեց Ս. պատարագին: Իր քարոզին մէջ ան շեշտեց հաւատքին դերը: Այնուհետեւ վեհափառը այցելեց Հ. Մ. «Նայիրի» միութիւն, ուր «Սուքերեան» սրահին մէջ միութեան վարչութեան նախագահ Ալֆրետ Քէշիշեան բարի գալուստի խօսք ուղղեց եւ հակիրճ բացատրութիւն փոխանցեց 30-ամեայ միութեան գործունէութեան, նաեւ միութեան մէջ տեղի ունեցող շինարարական աշխատանքներուն մասին: Ապա գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր, որմէ ետք Վեհափառը ուղղեց իր խօսքը:
Այնուհետեւ վեհափառ հայրապետը այցելեց Իրանահայ ազգային եւ մշակութային միութիւն:
20 մայիսին վեհափառ հայրապետը մեկնեցաւ Թաւրիզ, ուր Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ մէջ տուաւ իր հայրապետական պատգամը:
Նոյն օրը երեկոյեան Թաւրիզի առաջնորդարանին մէջ տեղի ունեցաւ հանդիպում` ազգային մարմիններու ներկայացուցիչներուն հետ, որմէ ետք «Համազասպ Ոսկանեան» սրահին մէջ գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր եւ տեղի ունեցաւ շքանշաններու տուչութիւն:
21 մայիսին Ս. Ստեփանոս Նախավկայի պատմական վանքին մէջ վեհափառ հայրապետին ձեռամբ օծուեցաւ վանքին վերանորոգուած զանգակատունը:
Նոյն օրը Ուրմիոյ Ս. Ստեփանոս եկեղեցւոյ մէջ վեհափառը տուաւ իր պատգամը, որմէ ետք ան հանդիպում ունեցաւ Արեւմտեան Ատրպատականի նահանգապետարանի քաղաքական հարցերու տեղակալ տոքթ. Ֆաթհոլլահի եւ տեղի պետական պաշտօնեաներու հետ: Վեհափառ հայրապետը եւս իր գոհունակութիւնը յայտնեց Իրանի կառավարութեան` եկեղեցիներու նկատմամբ ցուցաբերած հոգատար վերաբերմունքի համար:

