Միշտ Չէ, Որ Սննդականոնները Ճիշդ Ձեւով Կը Կատարուին

ՔԱՐԼԱ ԵԱՐՏԸՄԵԱՆ

Սննդականոնը պէտք է տայ իր երկարատեւ արդիւնքը եւ այդ պատճառով պէտք է դրուի ամուր հիմերու վրայ: Սննդականոնի դադրեցումէն ետք նոյնիսկ պէտք է հետեւիլ սննդական առողջ ծրագրի, որպէսզի սննդականոնը արդիւնաւորուի:

Քիչ Ջերմուժ Պարունակող
Սննդականոնը

Եթէ հաշուենք օրական սպառուող ջերմուժին (calory) քանակը եւ այդ քանակէն նուազ սկսինք սպառել կամ ուտել, բնականաբար մեր ծանրութիւնը  կը նուազի:

Եթէ այս տեսակի սննդականոնի պիտի հետեւինք, ապա պէտք է հանգիստ ձեւով կատարենք, այսինքն դանդաղօրէն պիտի նուազեցնենք մեր ծանրութիւնը: Առաւելագոյնը շաբաթը մէկ քիլոկրամ պէտք է նուազեցնենք մեր ծանրութենէն: Ըստ սննդագէտներու, այս սննդականոնը արդիւնաւոր է, որովհետեւ ինքնաբերաբար կ՛արտօնէ սննդական լաւ սովորութիւններու ձեռքբերման: Միեւնոյն ատեն կրնանք սպառել զանազան տեսակի ուտելիքներ` նուազեցնելով շաքարի եւ ճարպի քանակը: Ոչ մէկ նեղութիւն կամ ճնշուածութիւն կը զգանք, որովհետեւ դիւրաւ կարելի է հետեւիլ այս սննդականոնին: Այս սննդականոնին հետեւելով` նաեւ կը գիտակցինք նախապէս կատարած մեր սննդական սխալներուն եւ այսպիսով ձեռք կը բերենք սննդական հաւասարակշռուած սովորութիւն, որ կրնայ յարատեւել:

Մեր փափաքած ծանրութեան հասնելէ ետք կրնանք դադրեցնել վերոնշեալ սննդականոնը, սակայն պէտք է ամրապնդել ու մնալ մեր նոյն ծանրութեան վրայ: Կը շարունակենք օրական հիմնական երեք ճաշաբաժիններու սպառումը` զանազան տեսակի ուտելիքներ ուտելով, առանց հեռացնելու կաթն ու կաթնեղէնները, սակայն ընտրելով քիչ ճարպ ու մեծ քանակութեամբ քալսիոմ պարունակող տեսակները: Կրնանք նաեւ սպառել թեթեւ ճարպ ունեցող` լայթ ուտելիքներ:

Ոչ Ուսումնասիրուած
Սննդականոնները

Նախքան որեւէ սննդականոնի սկսիլը, պէտք է գիտնալ անոր դրական եւ բացասական կողմերը: Ներկայիս զանազան տեսակի սննդականոններ գոյութիւն ունին` բնասպիտներով (փրոթէինով) հարուստ սննդականոնը, քիչ ջերմուժ պարունակող սննդականոնը, քիչ ճարպ պարունակող սննդականոնը, եւ այլն:

Սննդականոնի երկարատեւ յաջողութիւնը կախեալ է ուտելիքի սպառման քանակէն:

Կէսօրէ ետք, ժամը չորսի շուրջ, երբ անօթի զգանք, կրնանք սպառել մէկ շերտ թեթեւ ճարպ պարունակող պանիր, մէկ շերտ հացով, կամ գաւաթ մը կաթ` պտուղով պատրաստուած կրկնեփով:

Պէտք է վստահ ըլլանք, որ ամիսը կամ քանի մը ամիսը անգամ մը ճաշարան երթալը յանցագործութիւն չէ, սակայն պէտք է հաւասարակշռել ուտելիքի սպառման քանակը:

Բնասպիտներով Հարուստ
Սննդականոնը

Այս սննդականոնը բաղկացած է բնասպիտին փոշիէ, որ կը հալի ջուրին մէջ: Բնասպիտին փոշին կը սպառուի իբրեւ մէկ ճաշաբաժին: Անոր կողքին պէտք է սպառել միայն կանաչեղէն: Բնասպիտով հարուստ սննդականոն չի նշանակեր միայն բաւարարուիլ բնասպիտին փոշիով, այլ պէտք է ամբողջական ճաշաբաժին մը նաեւ սպառել, որ բաղկացած պէտք է ըլլայ առանց ճարպի միսէ կամ ձուկէ, բանջարեղէնէ, մէկ գաւաթ թեթեւ ճարպ պարունակող կաթէ կամ կաթնեղէնէ: Երկու նպատակ կ՛ընդգրկէ այս մէկը. նախ, առաջին` որպէսզի մարմինը պահպանէ մկանային կոյտը, երկրորդ` որպէսզի ստիպուի օգտագործել ամբարուած սնունդը:

Այս սննդականոնը բժիշկի ցուցմունքով պէտք է կատարուի, որպէսզի ենթական բարդութիւններու չհանդիպի: Բնասպիտի սննդականոնը միայն երկու շաբթուան համար է եւ ոչ աւելի:

Այս սննդականոնը դադրեցնելէ ետք հերթական ու բնականոն ձեւով պէտք է վերադառնանք ուտելիքի սպառման` միշտ պահելով քանակի հաւասարակշռութիւնը:


Share this Article
CATEGORIES