Կարօտի Արցունքներ. Մեծ Մօրս Յիշատակին
Տարիներու հետ աճելով ու արմատանալով` մինչեւ մահդ չիմացայ անոր իսկական արժէքը, թէ ի՛նչ կը ներկայացնէր իրականութեան մէջ այդ չնչին գոյութիւնը, զոր կը պահէի պահարանիս նեղ թաքստոցին մէջ:
Մետաքսէ բարակ շղարշ մը` գործուած վարդագոյն եզրերով, մանիշակագոյն կտոր մը, որ եդեմական փայլ ու գեղեցկութիւն կը մարմնաւորէր… կը կրէր ցաւ, տառապանքի հառաչանքներ, վիշտի ու կսկիծի հոգոցներ, գիշերուան մթութեան մէջ դէմքէդ կախուած` անպտուղ աշխատանքիդ արտասուքը… մատներդ ծակծկող ասեղին հետքերը… ասեղին, զոր մինչեւ մահ ամուր սեղմեցիր մատներուդ մէջ, հեւացիր ու տքացիր` ապրեցնելու համար ընտանիքդ, սրբութիւն մը, որ տեսաւ երկաթէ կամքդ ու պողպատեայ էութիւնդ, ապրեցաւ շնորհիւ ծով համբերութեանդ` տեղաւորուած փոքր ու արիւնող սրտիդ մէջ, որ մինչեւ վերջին շունչդ յամառօրէն ու եռանդով բաբախեց ջերմագոյն եւ վսեմագոյն թիրախներուդ համար… Եւ անքուն գիշերներու աշխատանքդ ու անխնայ կորովդ լրացուցիչ հզօր ու կարող կնոջ կերպարդ:
Մե՛ծ մայրիկ, չես կրնար պատկերացնել, թէ որքա՜ն կը զգամ կարիքը տաքուկ գրկիդ եւ հոգատար, շոյող, փաղաքշող ձեռքերուդ: Երբ հիմա չկաս, տանդ մէջ թնդացող դատարկութիւնը կը բախի ականջներուս եւ հոգիիս լարերը մէկ առ մէկ կը թրթռացնէ. յոյզերս կը թուլնան, արցունքներս անզուսպ կը սուրան, կը թափին անսանձ, նաեւ գերեզմանիդ վրայ, ու հանգչելով մարմարէ շիրիմիդ` կ՛ոռոգեն աճիւններդ կարօտով:
Վերադարձը դէպի այսօր դժուար է: Կարծես ներկան գունաթափ կ՛իյնայ, ու միտքս կը մնայ անցեալի յուշերուն մէջ… Կը լողայ անվերջ երեւակայութեան անսահման ովկիանոսին մէջ:
Անցեալի ոգիով պարուրուած` կը խոկամ ու յիշատակդ առյաւէտ կը թրծուի մտքիս ծալքերուն մէջ, անունդ կը փորագրուի սրտիս վրայ ու երկուքիս կեանքերը կարծես իրարու կը կարէ նոյն ասեղը, որ հիւսեց մետաքսէ շղարշին եզրերը եւ տարիներ շարունակ քեզի ապրուստ պարգեւեց:
Չէ՞ որ ինծի՛ կտակած ես անունդ…
ԱՆՈՒՇ ԹԱՍԼԱՔԵԱՆ
Մայիս, 2012
Այնճար

