ԼՈՒՍԱԴԷՄ – Ա. Մեծ Մօր Նուիրած Գրիչը (Մայրերու Տօնին Առիթով)
ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ
Այդ օր Սերգէյի համար անակնկալ եւ հոգեցունց վիճակ մը ստեղծուած էր:
Կիրակնօրեայ աստուածահաճոյ ժամերգութենէ ետք, սովորաբար եկեղեցասէրներ կը հաւաքուին եկեղեցւոյ շրջափակը` իրարու հետ մտերմիկ զրոյց ունենալու, կարօտներ փոխանակելու եւ ընդհանրապէս առօրեայ կեանքի մասին իրենց տպաւորութիւններն ու տեսակէտները յայտնելու:
Այդ միջոցին, Սերգէյի ծանօթ մեծ մայրիկը հանդարտաբարոյ քայլերով ու ջերմեռանդ ժպիտով կը մօտենայ եւ հեզահամբոյր բարեւէ մը ետք անոր կը յանձնէ գրիչ մը, ըսելով` սիրելի Սերգէյ, կը շնորհաւորեմ գրելու կարողութիւնդ եւ մտաւորական հակումներդ, քեզի կը մաղթեմ առողջութիւն եւ ասպարէզի յարատեւութիւն:
Ընթացիկ կարճ խօսակցութենէ մը ետք անոնք կը բաժնուին:
Պահն ու վայրկեանը զգայացունց էր երիտասարդին համար: Սերգէյ լռելեայն հասկցած էր, որ իրեն ծանօթ եւ իր անյագ ընթերցասիրութեամբ յատկանշուող մեծ մայրիկը մօտէն կը հետեւէր իր գրութիւններուն:
Հակառակ անոր որ Սերգէյ մօտէն կը ճանչնար մեծ մայրիկի գորովագութի, բարեպաշտի, եկեղեցասէրի ու բազում առաքինի բարեմասնութիւնները, սակայն այդ հանդիպումով` աւելի կը խորանար փոխադարձ սիրոյ ու յարգանքի զգացողութիւն մը` օրհնաբեր պատգամով մը պարուրուած:
Քիչ անց, Սերգէյ, իր կարգին, թէեւ անյաջող փորձ մը կը կատարէր դուրս գալու իր ներաշխարհէն ու զսպանակուած միտքերէն, ան ամբողջութեամբ յանձնուած կը մնար մեծ մայրիկին արտաբերած վեհափառ ու խանդաղատանքով առլցուն մտածումներուն ու քաջալերական խօսքերուն ազդեցութեան:
Մէկ կողմէ, զարմանք պատճառողը ո՛չ թէ այն էր, թէ երիտասարդ գրող մը իր շրջապատին կողմէ խրախուսանքի եւ գորովալիր վերաբերումի կ՛արժանանար, այլ այն պերճախօս վկայութիւնը, թէ մեծ մայր մը, ինքզինք յանձնառու կը զգար իր օրհնաբաշխ ապրումներուն եւ աստուածամերձ հաւատքին մասնակից դարձնել հայ երիտասարդ մը, անոր գրիչին հանդէպ ունեցած յարգանքէն ներշնչուած:
Խոստովանիլ է պէտք, որ, հաւաքական կեանքի մէջ նման երեւոյթներու առկայութիւնը թէեւ հազուադէպ, այդուհանդերձ կը մնան գերազանցապէս օրինակելի եւ հոգեգրաւ, եւ անպայմա՛ն բոլորին կողմէ անխառն զգացումի եւ երախտիքի արժանի:
Երբ Սերգէյ յուզումնախառն հոգեվիճակի մը ներքեւ կը պատմէր տեղի ունեցածը, զգալի էին նաեւ անոր աչքերուն խորը առկայծող հպարտանքի ու յաղթանակի ցոլքերը:
Ան իր միտքերուն հոսքը շարունակելով` ըսաւ, թէ հայ մօր կերպարի մասին ստեղծագործ հոգիներ բազում էջեր են նուիրած: Հայ մօր նուիրական արժանիքներուն, անգնահատելի զոհողութեան, ծառայասիրութեան եւ եզակի կորովին ընդառաջ` իրերայաջորդ սերունդներ երկիւղածաբար խոնարհած են եւ օրն ի բուն խնդրած են անոր օրհնաբեր աղօթքներէն բաժին ունենալ:
Այս պարագային, դէպքին ազդեցութիւնը տակաւին շատ աւելին էր: Սերգէյի համար զարմանահրաշ երեւոյթի մը ականատեսի վկայութիւնն էր, որ կ՛ընդգծուէր, երբ իր շրջապատին կողմէ խորապէս յարգուած եւ ճանաչումի արժանացած մեծ մայրիկը, ահաւասիկ, կը ներկայանար առաքինութեան այլ կերպարի մը ընդմէջէն, ուր շեշտուած էին քաջալերանքի եզակի ունակութիւնն ու օրհնաբաշխ ապրումներու անսեթեւեթ մատուցումը:
Յայտնապէս հիասքանչ պատկերներու ընդմէջէն, երիտասարդ գրողը կը փորձէր իր ներաշխարհին ու մտածումներուն իսկութիւնը իր շրջապատին` մեզի փոխանցել, արձագանգելով այն վճիտ իրողութեան, թէ մարդկային ինչպիսի՛ ներուժ եւ հոգեկան կառուցուածք ունեցած պէտք է ըլլայ մեծ մայրիկը, որ, իր հարազատ զաւակներուն եւ թոռներուն առընթեր, նաեւ իր շրջապատին առատաձեռնօրէն կը մատուցէր քրիստոնէական հաւատքի ու հայաբորբ զգացումներու ամբողջ աշխարհ մը:
Ան իր յառաջացած տարիքին իսկ` զրահաւորուած մարդկային բարեմասնութիւններու ամէնէն շենշող ու պայծառ յատկութիւններով, ցարդ ցոյց կու տայ տոկունութեան եւ կամքի բարձրաթռիչ տարածքներ, այլապէս իր շրջապատին փոխանցելով յոյսի, երջանկութեան, խաղաղութեան եւ պատկանելիութեան վսեմափայլ զգացութիւններ:
Սերգէյի իսկ հաստատումով, մեծ մայրիկի նուիրած գրիչին ուժական ներկայութիւնը բաւարար ազդակ մըն է վերանորոգուելու եւ տոգորուելու` յանուն առհաւական արժանիքներու կենսաւորումին:
Տօնդ շնորհաւոր սիրելի՛ մեծ մայր:

