Հալէպի Մէջ Ահաբեկչական Արարքներէն Տուժուողներուն Նպաստելու Միտող «Ընդառաջեցինք Կանչին» Բարեգործական Արշաւին Յատկացումները` Հայ Ընտանիքներուն

Հալէպի նահանգապետ տոքթ. ՄուաՖաք ԽալլուՖի նախաձեռնութեամբ, Հալէպի ճարտարագիտական գրասենեակի կազմակերպութեամբ եւ ապահովական ցանցի մասնակցութեամբ մեկնարկած « Ընդառաջեցինք կանչին» բարեգործական արշաւը իր նպաստը բերաւ Հալէպի մէջ ահաբեկչական անմարդկային արարքներէն տուժած ընտանիքներուն: Այս արշաւին յատկացումներէն բաժին հասաւ նաեւ տուժող հայ ընտանիքներուն:

Օժանդակութիւնները տրամադրուեցան Սուրիահայ օգնութեան խաչին ճամբով, շաբաթ, 19 մայիս 2012-ի կէսօրուան ժամը 12.00-ին, ՍՕԽ-ի ընկերաբժշկական կեդրոնին մէջ, ուր ներկայ եղան Ազգ. առաջնորդարանի տուեալներով ցանկագրուած, ահաբեկչական արարքներէն տուժած հայ ընտանիքներու ներկայացուցիչներ:

Նպաստներու յատկացումը տեղի ունեցաւ  Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Շահան եպիսկոպոսի բարձր հովանաւորութեամբ, ներկայութեամբ Ազգ. վարչութեան Քաղաքական ժողովի ներկայացուցիչներ Զարեհ Փոլատեանի եւ  Ստիւ Պոյաճեանի, Տաթեւ Ա. քհնյ Միքայէլեանի, ՍՕԽ-ի Շրջ. վարչութեան եւ խնամատարական յանձնախումբի անդամուհիներուն:

Այս առիթով Շրջ. վարչութեան ատենապետուհի  Աննա Տէր Յակոբեան մաղթեց, որ Սուրիոյ դիմագրաւած այս տագնապալի օրերը վերջ գտնեն եւ Սուրիոյ ժողովուրդը վերագտնէ իր հանգիստ ապրելակերպը, որպէսզի խաղաղ պայմաններու մէջ ծաղկեցնէ սուրիական մեր հայրենիքը:

ՍՕԽ-ի պետական վարչութեան անունով խօսք առաւ Ֆիմի Տէր Յակոբեան, որ բարեսիրական այս յատկացումներուն համար  շնորհակալութիւն  յայտնեց «Ընդառաջեցինք կանչին» արշաւի կազմակերպիչներուն, որոնք ձեռք երկարեցին ահաբեկչական արարքներու պատճառով վնասուած  Սուրիոյ անմեղ  քաղաքացիներուն: Ապա զօրակցական խօսքեր ուղղեց սուրիական հայրենիքին, երկրի նախագահին եւ աննկուն բանակին:

Օրուան եզրափակիչ պատգամը փոխանցեց Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Շահան եպս. Սարգիսեան: Սրբազան հայրը անդրադարձաւ մարդկային կեանքի մէջ աստուածային երկու յատկանիշներու` բարեգործութիւն եւ բարերարութիւն, նշելով, որ Աստուած մարդ արարածը կենդանի արարածներէն զանազանելու համար զայն օժտած է ոչ միայն մտածելու կարողութեամբ, այլ` մտածումը բարութեամբ առաջնորդելու ազնիւ հոգիով: Դժբախտաբար, նշեց սրբազան հայրը,  մարդու կեանքին ու բնաւորութեան մէջ դարերու ընթացքին կուտակուած է նաեւ ոչ առողջ եւ ոչ բարի ուղղութեամբ աշխատելու բացասական յատկանիշը եւ այդ պատճառով ալ մարդու նկարագրին եւ բնաւորութեան մաս կազմած է չարութիւնը:

Շահան սրբազան Պօղոս առաքեալի` հռոմէացիներուն ուղղուած նամակէն հետեւեալ մէջբերումը կատարեց. «Հոգիս բան մը կը փափաքի դրական, բարի, աղուոր բան մը, բայց մարմնիս մէջ ուրիշ օրէնք մը զիս չարութեան կը մղէ», ապա աւելցուց` ըսելով, որ հոգիին ճամբով ամէն մարդ բարիք կը փափաքի մարդկութեան, սակայն այդ փափաքը գործնականօրէն դրսեւորելու մէջ կը կայանայ մարդ արարածին բարեգործութիւնը, այլապէս մարդիկ իրենց չարութեամբ, դժբախտութիւններով կ՛ապականեն աշխարհը: Շարունակելով` Շահան սրբազան ըսաւ, Սուրիան այս դժուար պահը կ՛ապրի այսօր: Սուրիան կ՛ենթարկուի թէ՛ ներքին եւ թէ՛ արտաքին շրջանակներու կողմէ ահաբեկչական յարձակումներու: Մենք վարժ չենք Սուրիոյ մէջ այս մերժելի եւ վտանգաւոր վիճակին մէջ ապրելու, որովհետեւ Սուրիան թէեւ իր անցեալին մէջ դժուարութիւններ ունեցած է, բայց  անոր պատմութեան վերջին 50 տարիները համեմատաբար խաղաղութեան եւ ծաղկումի տարիներ եղած են:

Ապա սրբազան հայրը ըսաւ, թէ սուրիական մեր հայրենիքը այսօր կ՛ենթարկուի համաշխարհային բացասական ճնշումներու իր անզիջող  եւ հայրենանպաստ կեցուածքներուն համար: Սուրիան իր արի կեցուածքներուն գինն է, որ կը վճարէ` արիւնի ճամբով, վնասներու ճամբով: Մենք որպէս սուրիացի քաղաքացիներ անմասն չենք Սուրիոյ տագնապներէն, եւ  Ս.Աւետարանի ճշմարտութենէն մեկնելով` կ՛ըսենք. «Ան, որ փոքր բաներու մէջ հաւատարիմ է, մեծ բաներու մէջ ալ հաւատարիմ կը մնայ»: Ան, որ իր ապրած երկրին հաւատարիմ է, հաւատարիմ է իր հայրենիքին, իր ընտանիքին, իր եկեղեցիին: Սուրիոյ երկինքը օրհնութիւն է, երկիրը բարիք, իսկ ժողովուրդը բարի: Այս երկրին մէջ մենք լաւ օրեր ունեցանք, սակայն վերիվայրումները մարդկային են եւ աշխարհի ամէնէն հարուստ եւ ուժեղ կարծուած երկիրներուն մէջ ալ կրնան պատահիլ, հետեւաբար երախտապարտ ըլլալ, հաւատարիմ ըլլալ, եւ կապուած ըլլալ երկրի մը, մարդու սրտին բարութեան արտայայտութիւնն է: Բարի մարդն է, որ իր ապրած երկրին հանդէպ միշտ երախտապարտութեամբ լեցուած կ՛ըլլայ:

Մենք չենք կրնար անտարբեր մնալ Սուրիոյ տագնապին նկատմամբ, որովհետեւ Սուրիան իր լաւ օրերուն ոչ միայն հանգիստ ու ապահով կեանք պարգեւած է մեզի, այլ 1988-ի  երկրաշարժի տարիներուն ձեռք երկարած է  նաեւ մեր  մայր հայրենիքին: Այդ դժուար   օրերուն, սուրիահայերուն կողքին,  տեղացի մեր քաղաքացիները` սուրիացիները եւս աջակցութիւն ցոյց տուած են Հայաստանի աղէտեալ մեր ժողովուրդին:

Մենք սուրիական հայրենիքի ամբողջական պատկերին կարեւոր մէկ շաղախն ենք ու հաւատարիմ ծառայութեամբ նեցուկ պիտի կանգնինք օրհնուած այս երկրին, որովհետեւ Մեծ եղեռնէն ետք, մեր կեանքը վերակազմակերպած ենք  արաբ ասպնջական ժողովուրդին շնորհիւ:

Մենք Թուրքիոյ մէջ ո՛չ քաղաքացիական արդար իրաւունքներ ունէինք, ո՛չ ալ ազատութիւն ունէինք մեր լեզուով անկաշկանդ արտայայտուելու համար, սակայն այս երկրին մէջ վայելեցինք մեր բոլոր իրաւունքներն ու երկրին բարիքները: Մենք երախտապարտ ըլլալով սուրիական հայրենիքին եւ անոր ժողովուրդին, ձեռք-ձեռքի տալով,  Սուրիոյ նեցուկ կանգնելով, աղօթելով ու համբերելով` պիտի շրջանցենք այս դժուար օրերը:

«Թող Աստուած օրհնէ Սուրիան ու իր ժողովուրդը: Թող Աստուած այս երկրէն հեռացնէ չարութիւնը, թշնամութիւնը, սպանութիւնն ու բոլոր վատ արարքները եւ թող խաղաղութիւն տիրէ իւրաքանչիւրին կեանքին ու հոգիին մէջ», ըսաւ սրբազան հայրը:

Այնուհետեւ, անդրադառնալով ժողովուրդներու կրօնական տարբերութիւններուն` ան նշեց, թէ իսլամ եւ քրիստոնեայ ժողովուրդներու միջեւ եղբայրական ոգի գոյութիւն ունի: Վատ մարդ ըլլալը կրօնի հետ կապ չունի, քրիստոնեաներուն մէջ ալ, իսլամներուն մէջ ալ կրնան վատ մարդիկ ըլլալ, ինչպէս որ կան բարի մարդիկ: Վատութիւնը կրօնի հետ կապ չունի, այլ մարդ անհատի նկարագրին կապուած է: Մենք Սուրիոյ մէջ քրիստոնեաներ եւ իսլամներ սիրով ու փոխադարձ յարգանքով ապրեցանք ու պիտի շարունակենք այսպէս ապրիլ:

«Բարութիւնը բոլոր կրօններուն մէջ, առանց բացառութեան, շատ հիմնարար տեղ ունի, պայմանաւ որ մարդը կիրարկէ զայն իր անձնական կեանքին մէջ», եզրափակեց սրբազան հայրը:

Հուսկ, Շահան եպս. Սարգիսեան գնահատեց «Ընդառաջեցինք կանչին» շարժման կազմակերպիչներն ու ՍՕԽ-ի մեծ ընտանիքը` իրենց բարեսիրական գործունէութեան համար:

Ձեռնարկը վերջ գտաւ «Պահպանիչ»-ով: Այնուհետեւ հայ ընտանիքներ ներկայացան եւ ստացան իրենց յատկացուած նպաստները:

ԹՂԹԱԿԻՑ

Share this Article
CATEGORIES