Կիրակնօրեայ Խօսքը. Անյապաղօրէ՛Ն Եւ Առաջնահերթօրէ՛Ն…
ՄԵՍՐՈՊ ՀԱՅՈՒՆԻ
Սիրելի՛ ընթերցող, այս տարի «Համբարձում»-ը տօնեցինք մայիս 17-ին, Հինգշաբթի. անոր յաջորդած առաջին կիրակին, կը յորջորջենք «Երկրորդ Ծաղկազարդ», որ «Յինանց» զատկական շրջանին մէջ եօթներորդ կիրակին է:
Գիտես` առաջին կամ բուն «Ծաղկազարդ»-ը, որ միշտ կը հանդիպի Յարութեան կամ Զատիկի «տաղաւար» տօնին, կիրակիէն մէկ շաբաթ առաջ, մեզի կը վերյուշէ Յիսուս Քրիստոսի փառաւոր մուտքը «Սուրբ Քաղաք», Երուսաղէմ:
Հայ մատենագրութեան մէջ «Երուսաղէմ» կը պատկերացնէ երկինքը կամ «Երկնային Քաղաք»-ը, ուր յաղթական մուտք գործեց Աստուածամարդն իր «Համբարձում»-ով` իր յարութենէն քառասուն օրեր ետք:
Գրիգոր Գ. Պահլաւունի (1093-1166) Ամենայն Հայոց կաթողիկոսը (1113-1166), մեր մեծագոյն շարականագիրներէն մին, «Երկրորդ Ծաղկազարդ»-ին համար յօրինեց «Մեծահրաշ այս խորհուրդ» բառերով սկսող կանոնը, որուն «Օրհնութիւն» առաջին շարականին մէջ բանաստեղծօրէն կ՛արձագանգէ հինգերորդ դարէն մեզի հասած սրբավէպի մը` առընչուած Ս. Գրիգոր Լուսաւորչին:
Խոր Վիրապին մէջ իր բանտարգելութեան տարիներուն «Հաւատքի մեր հայրը» ամէն օր կ՛ընդունէր այցելութիւնը այն նոյն հրեշտակին, որ կը պատկանէր չորրորդ դասին երկնային զուարթուններուն:
Օր մը, սակայն, Ս. Գրիգոր կը մատնուի զարմանքի, կամ աւելի ճիշդ` մտահոգութեան, երբ երկնային պատգամաւորը, որ «պաշտպան եղած (էր) Լուսաւորչին», չ՛այցելեր Խոր վիրապ: Յաջորդ այցին մեր մեծ բանտարկեալը, որ «մարմնովն հրեշտակ» էր, կը հարցնէ պատճառը բացակայութեան…: Լուսաւորը կը պատմէ եղելութիւնը:
Յարուցեալ Փրկչին «Համբարձում»-էն սկսեալ, ամէն տարի երկնաւորները կը տօնախմբեն իրենց աստուածային Տիրոջ հանդիսաւոր մուտքն արքայութեան մէջ: Հրեշտակներուն սահմանուած էր կարգով ամէն օր տօնակատարելու իրենց յաղթապանծ Թագաւորին դարձը: Այսպէս, յաջորդաբար ինն օրեր` հրեշտակներու ինն դասակարգերուն համապատասխան:
Չորրորդ օրը` կիրակի, որ իբրեւ «Երկրորդ Ծաղկազարդ» ապագային պիտի հաստատուէր Գրիգոր Բ. Վկայասէր հոգեւոր տիրոջմէն (1066-1105), պիտի կազմակերպէին չորրորդ հոյլին զուարթունները: Ուստի այցելու հրեշտակը չէր ուզած եւ չէր կրցած բացակայիլ Համբարձեալին «Վերին Երուսաղէմ»-ին մէջ գործած մուտքը յիշատակող ու տօնող չորրորդ հանդիսադրութենէն:
«Միամիտ այս աւանդութիւնը» կը սիրեմ յորջորջել աւելի «սրբավէպ», քան` աւանդավէպ, որուն առթած մթնոլորտէն թելադրուելով` ճիշդ ըսուած է, թէ` «աւանդութիւններ երբ պատմութիւն են, արձագանգներն են պատմական դէմքերու եւ դէպքերու. իսկ երբ դիւցազնավէպեր կամ հեքիաթներ են, կը ցոլացնեն ժողովուրդի մը ներքին ապրումները, ցանկութիւնները եւ ընկերային ու բարոյական ըմբռնումները»:
Պատմական անձնաւորութիւններու եւ դրուագներու արձագանգ կամ անդրադարձ եթէ նկատեմ այս տոհմային սրբավէպը, ապա առաջին հերթին կը պարտաւորիմ յիշել «կրկին շղթաներու կապանք»-ով արգելափակուած Ս. Պետրոս Առաքելապետին դէպքը Երուսաղէմի բանտին մէջ, որմէ ազատեցաւ «Տիրոջ հրեշտակ»-ին փրկարար այցելութեամբ (Գ. Առ. 12,1-19):
Կը խնդրեմ, որ կարդաս այս պատահարին մասին վերոնշեալ տեղիքը Ս. Ղուկասի «Գործք առաքելոց» մատեանէն, որ նոյնպէս կը նկարագրէ առաքեալներուն բանտարկութիւնը, եւ թէ ինչպէս «Տիրոջ հրեշտակը գիշեր ատեն բացաւ բանտին դռները եւ ազատեց զանոնք» (Գ. Առ. 5,17-28):
Ուշադրութեանդ կը յանձնեմ պատմական ու հոգեբարոյական յարակցութիւնը Ս. Պօղոս առաքեալին (Գ. Առ. 16,25-40) եւ Ս. Ղեւոնդեանց (Եղիշէ վարդապետ, «Վասն Վարդանայ եւ հայոց պատերազմին»), որոնք իրենց բանտերը վերածեցին աղօթարաններու եւ լուսատուներու:
Հոս դեռ կը փափաքէի անդրադառնալ մեր ժողովուրդին ցոլացուցած այն ներքին ապրումներուն եւ բարոյական ըմբռնումներուն, որոնք կը կազմեն խորքն այս սրբավիպային դէպքին կամ նոյնիսկ` «մեծահրաշ այս խորհուրդ»-ին: Եւ անոնք շատ այժմէական են:
Անյոյս կացութեան մէջ երբեք առանձին չէ աստուածահաւատ թէ՛ անհատը, թէ՛ հասարակութիւնը:
Երկնայինին հետ յարաբերողը կը յածի միայն սփոփումի, սրտապնդումի, յուսադրումի եւ լուսաւորումի ծիրէն ներս, որքան ալ արտաքին անձկութիւններն անտանելի ըլլան:
Մարդը, մարդկութիւնը եթէ կ՛ուզէ թօթուել իր վրայէն առանձնութեան, պարապութեան եւ ձանձրութեան ախտերն ու աղտերը, որոնք շատցուցած են լուսաւորեալ, համակարգչային, դիմատետրային ու «քաղաքակիրթ երկիրներու մէջ անձնասպանութիւնները եւ ինքնափճացումի դանդաղ միջոցները, թմրեցուցիչները եւ անոնց ընկերացող բարոյական եւ ֆիզիքական մահերը», ինչպէս ալ «ոչնչացումի եւ անէացումի ճամբէն» ընթացող իր գործօնները, ապա անյապաղօրէն եւ առաջնահերթօրէն վերագտնելու է ի՛ր «մեռեալ ու թաղեալ» հռչակած Աստուածը, որ Արարիչն է ժամանակին, Ստեղծողն է տիեզերքին եւ Տէրն է պատմութեան…
Այնճար, 20 Մայիս 2012

