Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը Կը Մասնակցի «Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամի Ժողովին

Վերջին օրերուն Երեւանի մէջ տեղի ունեցաւ «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի տարեկան նիստը` նախագահութեամբ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի: Համագումարի ընթացքին քննարկուեցան հիմնադրամին կատարած իրագործումները եւ յառաջիկայ ծրագիրները` Հայաստանի եւ Ղարաբաղի մէջ: Յանուն Արամ Ա. կաթողիկոսին ու Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան, համագումարի աշխատանքներուն իր մասնակցութիւնը բերաւ Թեհրանի հայոց թեմի առաջնորդ Սեպուհ արք. Սարգիսեան:

Յառաջիկայ օրերուն, 3-6 յունիս, Ս. Էջմիածինի մէջ տեղի պիտի ունենայ Ամենայն հայոց կաթողիկոսութեան վարդապետ միաբաններու համագումար: Ընդառաջելով Ամենայն հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսի հրաւէրին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոս նշանակած է Մակար վրդ. Աշգարեանը` յանուն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան միաբանութեան իր մասնակցութիւնը բերելու յիշեալ համագումարին:

 

Share this Article
CATEGORIES