Թատերական Նորութիւն. Ծառի Մը Անուան Շուրջ Նախընտրութիւն

ՇԱՀԱՆԴՈՒԽՏ

Նախ շնորհակալութիւն յայտնենք լիբանանցի բանաստեղծ եւ թատերագիր Իյսամ Մահֆուզին (1939-2006), որ յայտնաբերած է այլաբանական երեւոյթով, բայց իրապաշտ խորքով թատրերկ մը, զոր անուանած է ծիծաղաշարժ անունով մը` «Զանզալախդ»:

Երկրորդ շնորհակալութիւնը կ՛երթայ հասցէին երիտասարդ բեմադրիչ եւ բեմական-թատերական գործիչ Յակոբ Տէր Ղուկասեանին, որ յայտնաբերած է այս թատերախաղը` արաբերէնէ արեւմտահայերէնի թարգմանութեամբ: Ծանօթացում մը լիբանանեան թատերական նորութիւններու, անշուշտ օգտակար է մշակութային փոխադարձ կապի առնչութեամբ: Անկախ թեմայի տեսակէն, իբրեւ թատերական դասական աւանդութենէն դէպի նորարար ձգտում մըն ալ առկայ է:

Արդարութիւն որոնելու ճիգ մըն է թեմային խորքը, որ զուր հետապնդում մըն է: Լիբանանեան դատական քննարկումներու խոցելի մէկ պատկերն է այս, գուցէ համաշխարհային «նկարագիր» մը նկատուի, բայց քանի որ կ՛ուզենք, որ մեր երկիրը ամէնէն արդարադատ տրամադրութիւնը արտայայտէ, կը տագնապինք, կ՛ընդվզինք, մինչեւ որ «Զանզալախդ»-ներ հրապարակուին:

Ինչո՞ւ նախապատուութիւն տրուած է ոչ համեղ պտղատու կամ անպտուղ այս ծառին, որովհետեւ… Հոս ալ հետաքրքրական փիլիսոփայութիւն մը, զոր կը վերագրենք բնութեան հրաշքին կամ իմաստութեան: Խօսքը տանք Իյսամ Մահֆուզին` մօտաւոր բնութագրումով:

Անգամ մը գիւղի պարտէզները եւ մրգաստանները խուժած են աւերող մարախներ, որոնք չորցուցած-կրծած են տերեւ ու ծառ, պտուղներ եւ բանջար, այս չարիքէն զերծ կը մնայ միայն զանզալախդ ծառը, որովհետեւ համը դառն, կծու կամ անհաճոյ թուացած է մարախներու քիմքին…

Հետաքրքրական, իմաստալից եւ բարոյական հնարամտութիւն մըն է:

Գրականութեան եւ արուեստի ճամբով եղբայրութիւն մը` թարգմանչական գրականութեամբ: «Զանզալախդ»-ը հայերէնի թարգմանած է Հրակ Տեմիրճեան, մեր բեմին նորընծաներէն: Մաքուր արեւմտահայերէն մը, որ հասկնալի ու դիւրասահ եղաւ մեր ականջներուն: Այս ալ բարենիշ մը…

«Գասպար Իփէկեան» թատերախումբին վարկն ալ պահուեցաւ այս նորութեամբ, մասնաւորաբար միացումովը նախկին գասպարիփէկեանցիներու միասնական խաղարկութեամբ: Զաւէն Պաաքլինի, Յովսէփ Գափլանեան, Վազգէն Դարբինեան, Յակոբ Գալայճեան, Ժանօ Պեքերեճեան, որոնց միացան միջին սերունդէն` Կարօ Գըճըլեան, Վարդան Ազնաւուրեան, Յակոբ Զատիկեան: Կրտսերագոյն շնորհալիներէն, որոնք վերջին քանի մը տարիներուն ընթացքին յայտնաբերեցին թատերական զգայնութիւն եւ գործնական մասնակցութիւն, Հրակ Փափազեան, Հրակ Տեմիրճեան եւ Նժդեհ Մկրտիչեան իրենց երիտասարդական աւիւնով եւ խանդավառութեամբ նոր համ մը տուին թատերախումբին:

Գասպար Իփէկեան, Ժորժ Սարգիսեան իրենց երկնային ներկայութեամբ օրհնեցին այս տղաքը, իսկ Վարուժան Խտըշեան յիշուեցաւ իր «Վարպետ Սոլնես»-ով, «Վիրճինիա վուլֆ»-ով, «Փառքի վաշխառուներ»-ով, «Սալեմի վհուկներով», «Օշին պայլ»-ով, եւ միւս անմոռանալիներով: Վարձքդ կատար, վարպետ Վարուժան Խտըշեան:

Ներկայ եղանք դատական ատեանի մը նիստերուն, բանտարկեալներու ոդիսականին: Անմե՞ղ էին, թէ՞ մեղաւոր, Աստուա՛ծ գիտէ: Սաատուն անունով (Կարօ Գըճըլեան) անձ մը դատապարտուեցաւ խստաբարոյ զօրավար-դատաւորի մը սաստով (Յովսէփ Գափլանեան): Նշենք, որ իւրաքանչիւր դերասանական կերպար առանձին պատկեր մըն էր` յատուկ շրջանակով պարուրուած: Զաւէն Պաաքլինի, Յակոբ Գալայճեան, Կարօ Գըճըլեան իրենց իւրայատուկ արուեստը նոր առիթին ներդաշնակութեամբ արտայայտեցին: Զաւէն Պաաքլինի, Յակոբ Գալայճեան, մէկը` փաստաբան, միւսը` գրագիր, ուրիշ մը ինքզինք մամա կարծող եւ այլն:

Կարեւորը այս պարագային իւրաքանչիւր «թապլօ»-ին խճաքարերուն ներդաշնակ գունաւորումն էր, որուն տեսքը եւ ձեւը արդէն յաջող քանդակի մը համահունչ եղանակաւորումն էր: Լռութեամբ, տեղ-տեղ ծիծաղով հետեւեցան հանդիսականները` առանց անդրադառնալու, թէ եղածը ողբերգութի՞ւն էր, թէ՞ մարդկային կատակերգութիւն: Խօսողները խենթե՞ր էին, թէ՞ խելացի, բնական միտքերով մարդեր: Կեա՞նքն էր այդ, թէ՞ մարդիկ աղարտած են մարդուն աստուածաշնորհ կերպարը:

Բեմական յարդարանքը պատշաճ եւ արտայայտիչ, երաժշտութիւնը հանդարտ` ընդհանրապէս: Կարեւորը կրկնութիւններէ հեռանալն էր ու նորութիւն ներարկելու ջանքն էր, որ յաջողեցաւ:

Պէտք է քաջալերել այս միասնական գօտեպնդումը, երէցներու եւ կրտսերներու շաղախումը, որպէսզի անցեալն ու ներկան մնան թեւանցուկ, չմոռցուի անցեալը, ծափահարուի ներկան, որպէսզի ինքնավստահութեամբ եւ արժանապատիւ տրամադրութեամբ դիմաւորենք ապագան:

Թատերախաղերը կը շարունակուին այս շաբաթավերջին, 1, 2, 3 յունիս 2012-ին «Յ. Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ:

 

Share this Article
CATEGORIES