Հաղորդագրութիւն. ՀՄԸՄ-Ի Դրօշակի Յանձնում` Ռաուտայի Մասնաճիւղին
Հինգշաբթի, 24 մայիս 2012-ի երեկոյեան տեղի ունեցաւ ՀՄԸՄ-ի դրօշի պաշտօնական յանձնումը ՀՄԸՄ Ռաուտայի նորաստեղծ մասնաճիւղին:
Յիշեալ արարողութիւնը տեղի ունեցաւ Ռաուտայի «Շուշի» ակումբին մէջ` ներկայութեամբ ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան, ՀՅԴ «Շուշի» կոմիտէին, Շրջանային սկաուտական խորհուրդին, Շրջանային խմբապետական կազմին, ՀՄԸՄ Ռաուտայի վարչութեան եւ մասնաճիւղի անդամներուն:
Արարողութիւնը ընթացք առաւ շրջանի ծխատէր քահանայ Սեւակ քհնյ. Վասիլեանի աղօթքով եւ մասնաճիւղի դրօշակին ու ՀՄԸՄ-ի ծրագիր- կանոնագիրի օրհնութեամբ:
Խօսք առաւ Շրջանային վարչութեան ատենապետ Յակոբ Քէշիշեան, որ Շրջանային վարչութեան անունով շնորհաւորեց Լիբանանի մէջ ՀՄԸՄ-ի 10-րդ մասնաճիւղին ստեղծումը` յաջողութիւն մաղթելով մասնաճիւղի վարչութեան ծրագիրներու իրագործման, որմէ ետք մասնաճիւղի դրօշակն ու միութեան ծրագիր-կանոնագիրը յանձնեց ՀՄԸՄ-ի Ռաուտայի վարչութեան ատենապետ Կիրակոս Գարակէօզեանին:
Հանդիսութեան աւարտին տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն:
ՀՄԸՄ-Ի ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ
29 մայիս, 2012

