«Զանզալախտ»-ի Առիթով
Տ. Ճ.
Համազգայինի «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբի վերջին ներկայացումը առիթ կ՛ընծայէ կատարելու քանի մը հապճեպ ու զուտ սիրողական մեկնաբանութիւններ:
Ներկայացումը պատրաստուած է բացառապէս տեղական ուժերով: Երկար ատեն գեղարուեստական ստեղծագործութեան նման աշխատանք չէր կատարուած լիբանանահայ համայնքէն ներս ու մեզի կը թուէր, որ այդ ջիղը չորցած է արդէն: Խարխափումին վերջ տրուած է ու մշակոյթի պահպանման նախապայման հանդիսացող ինքնուրոյն ստեղծագործութեան մը առկայութեան փաստի մը վկաներն ենք: Հայաստանէն կամ այլ գաղութներէ արուեստագէտներու մասնակցութեան դէմ չենք. ընդհակառակն, հայ մշակոյթի միասնութեան ջատագով ենք ու ջերմ հաւատացող: Կրկնենք սակայն. տեղական պայմաններու ցոլացումով ինքնուրոյն ստեղծագործութիւնը կենսական է, կենդանի մշակոյթի մը գոյութեան իբրեւ առհաւատչեայ:
Ընտրուած թատերախաղը, լիբանանցի գրողի մը` Իսամ Մահֆուզի տարօրինակ հնչեղութեամբ երկը (զանզալախտը ըստ երեւոյթին անպտուղ ծառ մըն է) կը նախանշէ, որ արտասովոր ներկայացման մը հրաւիրուած ենք: Բեմին վրայ եղելութիւններու անկապակից յաջորդականութիւնը, խօսակցութիւններուն անհետեւողական նկարագիրը, դերակատարներուն (որոնք անդադար կը խաղան, նոյնիսկ երբ կը թուի, որ աննշան դեր մը ունին) դիրքորոշման յաճախակի փոփոխութիւնները, պարզ, փոփոխուող ու տպաւորիչ տեքորը, կալանավայր մը կամ յատուկ համախմբման վայր մը խորհրդանշող հանդերձանքը, դատավարութիւն մը երգիծանկարող դիպաշարը եւ բազում այլ մանրամասնութիւններ կը յուշեն, որ սկիզբ, զարգացում ու աւարտ ունեցող պատմութիւն մը չէ, որ կը բեմականացուի: Մեր տեսածը պատճէնահանումն է մեզ շրջապատող կեանքին` իր քաղաքական ու հասարակական շփոթեցնող, յիմարացնող դրսեւորումներով: Հանդիսատեսը կը մխրճուի անհեթեթի աշխարհին մէջ, որ մեր ապրած կեանքն ի՛սկ է: Ու մենք, անհանգիստ ու մտահոգ, Սաատունին պէս անկարող դուրս գալու դռնէն, որ թէեւ բաց է, կ՛անդրադառնանք, որ ինչ որ կը կարծէինք գիտակցօրէն իրագործել, խորքին մէջ խաբկանք է, ենթակայօրէն թելադրուած խաղ է` անգիտակից խենթերու սուտ ներկայացում մը:
Աւարտին, թելադրողին յայտնութիւնն ու հեղինակաւոր միջամտութիւնը դերակատարները կը վերադարձնէ իրենց իսկութեան, սակայն կը մնայ հարցը` որքա՞ն ժամանակի համար:
Շնորհակալութիւն «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբի հին ու նոր դերասաններուն, բեմադրիչին, քուլիսներուն ետին ու պատշգամէն աշխատողներուն, սրահէն մասնակցողներուն, մեզի հրամցուած գեղարուեստական ու մտաւոր վայելքի խնճոյքին համար:
Չեմ դիմանար այսուհանդերձ փորձութեան ըսելու, որ վայելքը անխառն պիտի ըլլար, եթէ աւելի բծախնդրութիւն ցուցաբերուէր բեմէն հնչող հայերէնին քերականութեան, բառերու ճշգրտութեան ու շեշտադրումին: Թատրոնի առաքելութեան մաս կը կազմէ, ի վերջոյ, մեր վտանգուած լեզուին` հայերէնի անաղարտ պահպանումը եւ տարածումը:

