Ազրպէյճան Իսրայէլէն 300 Միլիոն Տոլարի Առանց Օդաչուի Թռչող Սարքեր Պիտի Գնէ
Ազրպէյճանական 1news.az կայքէջը կը հաղորդէ, որ Իսրայէլ ու Ազրպէյճան զինուորական մեծ համաձայնագիր մը եւս կնքած են: Իսրայէլի պետական «Օդագնացութեան արդիւնաբերութիւն» ընկերութիւնը Ազրպէյճանի հետ քանի մը տասնեակ առանց օդաչուի թռչող սարքերու վաճառքի վերաբերեալ համաձայնագիր ստորագրած է: Խօսքը կը վերաբերի համաձայնագիրի մը, որուն նման ստորագրուած էր Թուրքիոյ հետ եւ մասնագէտներու կողմէ գնահատուած էր շուրջ 300 միլիոն տոլարով:
Նախապէս Ազրպէյճան եւ Իսրայէլ 1.6 միլիառ տոլար արժողութեամբ զինուորական համաձայնագիր կնքած էին: Ապրիլ 2011-էն սկսեալ արդէն տեղեկութիւններ կային, որ իսրայէլեան ընկերութիւնը կը պատրաստուի Ազրպէյճանին վաճառելու «Հերոն» եւ «Մըրչըր Մք.2» տիպի անօդաչու թռչող սարքեր:
CATEGORIES Միջազգային

