Հիւսիսային Իտալիոյ Մէջ 5.9 Ռիխթըր Ուժգնութեամբ Երկրաշարժ
«Արմենփրես» լրատու գործակալութիւնը մէջբերելով «ԻԹԱՌ-ԹԱՍՍ»-ը կը հաղորդէ, որ հիւսիսային Իտալիոյ Էմիլիա-Ռոմանիա մարզին մէջ երէկ տեղի ունեցած է 5.9 ռիխթըր աստիճան ուժգնութեամբ երկրաշարժ մը: Նշեալ շրջանը 20 մայիսին տեղի ունեցած երկրաշարժին ընթացքին լուրջ վնասներ կրած էր:
Երկրաշարժին կեդրոնը կը գտնուէր Մոտենա քաղաքի շրջանին մէջ: Ցնցումը, որ շրջանին մէջ վերստին խուճապ յառաջացուցած է, զգացուած է նաեւ ամբողջ հիւսիսային Իտալիոյ մէջ:
Երկրաշարժը պատճառած է 15 զոհ:
Միացեալ Նահանգներու երկրաբանական ծառայութիւնը կը հաղորդէ, որ ստորերկրեայ ցնցումներու կեդրոնը կը գտնուէր 9.6 քիլոմեթր խորութեան վրայ:
CATEGORIES Միջազգային


