«Փոքրամասնութիւնները Պէտք Է Թուրքիոյ Նոր Սահմանադրութեան Ստեղծման Մէջ Ներգրաւուած Ըլլան» Կ՛ըսէ Շուլց
Թրքական «Թարաֆ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Եւրոպական խորհրդարանի նախագահ Մարթին Շուլց Թուրքիա իր այցելութեան ընթացքին Թուրքիոյ խորհրդարանին մէջ անդրադարձած է Թուրքիոյ Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան խնդիրին: «Գաղտնիք չէ, որ Թուրքիոյ` Եւրոպական Միութեան անդամակցելու հոլովոյթը դժուար պիտի ըլլայ եւ երկար ժամանակ ու ջանքեր պիտի պահանջէ: Թուրքիա տակաւին շատ կարեւոր փոփոխութիւններ պէտք է կատարէ», ըսած է ան:
Շուլց անդրադարձած է նաեւ Թուրքիոյ նոր սահմանադրութեան ստեղծման հոլովոյթին` նշելով, որ ազգային փոքրամասնութիւնները պէտք է անպայման ներգրաւուած ըլլան այդ գործին մէջ: «Որեւէ ժողովրդավարական հոլովոյթի կեդրոնը խորհրդարանն է` ժողովուրդի ընտրած ներկայացուցիչներու կեդրոնը: Ազգային եւ կրօնական փոքրամասնութիւններուն համար ալ պէտք է հաւասար կարելիութիւններ ստեղծուին», ըսած է ան` աւելցնելով, որ Եւրոպական Միութիւնը պիտի հետեւի քիւրտ յայտնի գործիչ Լէյլա Զանայի դատավարութեան:
Անդրադառնալով Կիպրոսի հարցին` Շուլց Թուրքիոյ խորհուրդ տուած է իրատես ըլլալ: Ան խիստ կերպով քննադատած է թրքական կողմի այն յայտարարութիւնները, թէ Կիպրոսի` Եւրոպական Միութեան ղեկավարութեան ստանձնումէն ետք Եւրոպական Միութեան անդամակցելու բանակցութիւնները պիտի չշարունակէ:


