Պաքու Իրանի Մէջ Իր Դեսպանը Տուն Կանչած Է Եւ Իրանցի Բարձրաստիճան Պաշտօնատարի Մը Ազրպէյճան Մուտքը Արգիլած

«Արապիա» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանը` յղում կատարելով Ազրպէյճանի մէջ Իրանի դեսպանատան յայտարարութեան, կը հաղորդէ, որ Պաքու իրանցի բարձրաստիճան պաշտօնատարի մը Ազրպէյճան մուտք գործելը արգիլած է: Դեսպանատունը իր հաղորդագրութեան մէջ ընդգծած է, որ «այս քայլը առաւել եւս պիտի սրէ յարաբերութիւնները Իսլամական հանրապետութեան եւ անոր դրացիին միջեւ` Եւրոտեսիլ երգի մրցանքին շուրջ վէճէն ետք»:

Ազրպէյճանական իշխանութիւնները Իրանի գերագոյն հոգեւոր պետի մշակութային հարցերով գրասենեակի ղեկավարը ետ ուղարկած են Պաքուի միջազգային օդակայանէն:

Ազրպէյճան երեքշաբթի օր նաեւ դիւանագիտական բողոքագիր մը յղած էր Իրանի` պահանջելով պարզաբանել, թէ Իրան այցելած եւ անյայտացած ազրպէյճանցի երիտասարդ երկու բանաստեղծները ո՛ւր կը գտնուին:

Իրան եւ Ազրպէյճան այս տարի շարունակ զիրար կը մեղադրեն մէկզմէկու գործերուն միջամտելու համար: Անցեալ շաբաթ Իրան Ազրպէյճանէն ետ կանչած էր իր դեսպանը, երբ բարձրաստիճան հոգեւորականներ քննադատած էին Պաքուն` Եւրոտեսիլի կազմակերպման համար, իսկ Պաքուի մէջ «մենք միասեռական հոգեւորականներ չենք ուզեր» գրութեամբ պաստառներով հակաիրանեան ցոյցեր տեղի ունեցած էին:

«Թրենտ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Ազրպէյճան Իրանի մէջ իր դեսպան Ճաւանշիր Ախունդովը «խորհրդակցութիւններու համար» տուն կանչած է:

Նախապէս Իրան Ազրպէյճանի մէջ իր դեսպան Մոհամետ Պակիր Պահրամին տուն կանչած էր` իբրեւ բողոք Պաքուի մէջ իրանեան դեսպանատան առջեւ ազրպէյճանցի ցուցարարներու կողմէ Իրանի գերագոյն հոգեւոր պետ Ալի Խամենէիի լուսանկարներու պատռտումին:

 

Share this Article
CATEGORIES