Միթ Ռոմնի Հանրապետական Կուսակցութեան Նախագահական Թեկնածու

Միթ Ռոմնի

«Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Միթ Ռոմնի պաշտօնապէս դարձած է  Հանրապետական կուսակցութեան Միացեալ Նահանգներու նախագահութեան թեկնածու: Ռոմնի պաշտօնական այդ կարգավիճակը ստացած է յաղթելով 29 մայիսին Թեքսաս նահանգին մէջ տեղի ունեցած կուսակցութեան թեկնածուի ընտրութեան: Այս յաղթանակէն ետք ան յաջողած է պաշտօնապէս թեկնածու դառնալու համար պատուիրակներու անհրաժեշտ 1144 ձայները հաւաքել:

Նախագահութեան հանրապետական թեկնածուն դառնալու պայքարին մէջ անոր հիմնական մրցակիցներն էին Թեքսասէն քոնկրեսական Ռոն Փոլ, Փենսիլվանիայէն նախկին ծերակուտական Ռիք Սանթորում եւ Քոնկրեսի Ներկայացուցիչներու տան նախկին նախագահ Նիւթ Կինկրիչ, որոնք սակայն պայքարէն դուրս մնացած էին:

Մասաչուսեցի նախկին նահանգապետ Ռոմնիի թեկնածութիւնը պաշտօնապէս պիտի հաստատուի օգոստոսի վերջաւորութեան տեղի ունենալիք Հանրապետական կուսակցութեան ընդհանուր ժողովին ընթացքին: Իսկ նոյեմբերին տեղի ունենալիք նախագահական ընտրութիւններուն մէջ Ռոմնի պիտի մրցի վերընտրուիլ ուզող դեմոկրատական թեկնածու, գործող նախագահ Պարաք Օպամայի հետ:

Share this Article
CATEGORIES