Ֆրանսայի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան Բանբերը Կը Յայտարարէ. «Ֆրանսա Կ՛ուզէ Թուրքիոյ Հետ Յարաբերութիւններուն Մէջ Նոր Էջ Բանալ»
Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ բանբեր Պեռնար Վալերօ յայտարարած է, որ Ֆրանսա կ՛ուզէ Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններուն մէջ նոր էջ բանալ:
«Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտ ՕԹԱՆ-ի վեհաժողովին ժամանակ Թուրքիոյ նախագահ Ապտիւլլա Կիւլի հետ հանդիպումին ընթացքին երկու երկիրներու յարաբերութիւնները վերակենդանացնելու պատրաստակամութիւն յայտնած է», յիշեցուցած է ան:
Վալերօ նաեւ նշած է, որ Թուրքիա կարեւոր գործընկեր ու դաշնակից է, եւ բոլոր մարզերուն մէջ յարաբերութիւնները պէտք է աւելի ամրապնդել: «Յարաբերութիւնները պէտք է հիմնուին երկխօսութեան, փոխադարձ յարգանքի եւ վստահութեան սկզբունքներուն վրայ: Ֆրանսա կ՛ուզէ երկու երկիրներու յարաբերութիւններուն մէջ նոր էջ բանալ` ամրապնդել զանոնք», ըսած է Վալերօ:
Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերը ընդգծած է, որ Ֆրանսա կարեւոր կը նկատէ նաեւ Թուրքիա-Եւրոպական Միութիւն յարաբերութիւնները` նշելով, որ Թուրքիա պէտք է Եւրոպական Միութեան անդամ իւրաքանչիւր երկրի հետ կառուցողական յարաբերութիւններ ստեղծէ:
Պաղըշ. «Մեզ Նեղացնելը Ֆրանսայի
Շահերէն Չի Բխիր»
Թրքական «Հիւրրիյէթ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ Եւրոպական Միութեան հարցերով պետական նախարար Էկեմեն Պաղըշ յայտարարած է, որ Ֆրանսայի մէջ նախագահի փոփոխութենէն ետք Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքելը առանձինը «հակաթրքական ըլլալ» պիտի չկարենայ շարունակել: Ան ըսած է, որ ինք յոյս ունի, որ Ֆրանսուա Հոլլանտի ժամանակաշրջանին Թուրքիա-Եւրոպական Միութիւն յարաբերութիւնները աշխուժանան:
«Հոլլանտի առջեւ այս պահուս կարեւոր խնդիրներ կան: Անոնցմէ մէկն ալ տնտեսական ճգնաժամն է: Այդ ճգնաժամի ընթացքին ֆրանսական ընկերութիւնները նոր շուկաներու կարիք ունին, իսկ 75 միլիոն բնակչութիւն ունեցող Թուրքիան լուրջ շուկայ է», ըսած է Պաղըշ:
Ան նշած է, որ Թուրքիա նաեւ տարանցիկ երկիր է եւ Ֆրանսան կրնայ աւելի քան 50 երկիրներու հետ կապել:
«Կը կարծեմ, որ պարոն Հոլլանտ բաւական խելացի է եւ պիտի հասկնայ, որ մեզ նեղացնելը Ֆրանսայի շահերէն չի բխիր», ըսած է ան:
Պաղըշ համոզումով պնդած է, որ Եւրոպական Միութիւնը Թուրքիոյ կարիքը օրէ օր աւելի պիտի ունենայ, իսկ Թուրքիոյ` Եւրոպական Միութեան անդամակցելու անհրաժեշտութիւնը պիտի նուազի:


