«Սուրիոյ Տագնապը Լուծելու Առնչութեամբ Կարելի Ամէն Ջանք Կը Թափուի» Կ՛ըսէ Անան
ՄԱԿ-ի եւ Արաբական լիկայի Սուրիոյ հարցով յատուկ պատուիրակ Քոֆի Անան Յորդանանի արտաքին գործոց նախարար Նասեր Ժաուտաթի հետ իր հանդիպումէն ետք յայտնեց, որ կարելի ամէն ջանք կը թափուի Սուրիոյ տագնապին լուծում մը գտնելու եւ սուրիացի ժողովուրդին տառապանքը դադրեցնելու` շեշտելով, որ այդ ուղղութեամբ տարբեր քննարկումներու եւ ջանքերու ընթացքին առաջնահերթութիւնը կը տրուի սուրիացի ժողովուրդին եւ անոր պաշտպանութեան:
Անան Յորդանանի արտաքին գործոց նախարարին ներկայացուց Դամասկոս իր այցելութեան եւ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի հետ հանդիպումին արդիւնքները:
Սուրիոյ Ազգային խորհուրդի նախագահ Պուրհան Ղալիուն Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարար Կուիտօ Վեսթերֆելէի հետ հեռաձայնային հաղորդակցութեան մը ընթացքին յայտնեց, որ «Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի իշխանութենէն անմիջապէս հեռացումին շուրջ միջազգային փոխադարձ հասկացողութիւն մը Սուրիոյ մօտ միջազգային պատուիրակ Քոֆի Անանի ծրագիրի փրկութեան եւ քաղաքական լուծումի միակ ուղին է, այլապէս` կացութիւնը կ՛ուղղուի դէպի շրջանին սպառնացող պայթում»: Ղալիուն սէուտական «Ուաթան» օրաթերթին յայտնեց, որ Սուրիոյ Ազգային խորհուրդն ու Սուրիական ազատ բանակը Անանի ծրագիրէն հրաժարած են, որովհետեւ զիրենք պաշտպանելու ձախողած է: Ան նշեց, որ սուրիական ընդդիմութիւնը կ՛ենթարկուի ռուսական շանթաժի մը, որուն միջոցով Մոսկուա կը փորձէ տագնապը երկարաձգել եւ սուրիացի ժողովուրդի արեան գինով Սուրիոյ մէջ իր ռազմավարական շահերուն ապագային շուրջ երաշխիքներ ապահովել:
Նշենք, որ ամերիկեան ազդեցիկ «Ուաշինկթըն Փոսթ» օրաթերթը երէկ «Սուրիոյ դրացիները պայթումի եզրին կը գտնուին» խորագիրը կրող յօդուածի մը մէջ գրեց, որ ամերիկացի պաշտօնատարներ Անանի ծրագիրին ձախողութիւնը կը նախատեսեն, սակայն անոր գործադրած ջանքերէն չեն ուզեր հրաժարիլ:
Թրքական «Աքշամ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլու լրագրողներու հետ զրոյցի մը ընթացքին յայտնած է, որ Թուրքիա մտադիր է Պոլսոյ մէջ «Սուրիոյ բարեկամներ»-ու խորհրդաժողով մը հիւրընկալել: Ան ըսած է, որ թրքական իշխանութիւնները աշխատանք կը տանին այդ խորհրդաժողովը Պոլսոյ մէջ գումարելու ուղղութեամբ եւ յոյս ունին, որ անիկա աելի արդիւնաւէտ պիտի ըլլայ, քան Պոլսոյ մէջ ապրիլի սկիզբը տեղի ունեցած հաւաքը:
Նշենք, որ Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտ երեքշաբթի օր յայտարարեց, որ Ֆրանսա յուլիսի սկիզբը «Սուրիոյ բարեկամներ»-ու ժողովը պիտի հիւրընկալէ:
Պելճիքայի պաշտպանութեան նախարար Փիթըր տէ Քրեմ յայտարարեց, որ իր երկիրը պատրաստ է Սուրիոյ դէմ զինուորական գործողութեան մասնակցելու: Ըստ անոր, նման քայլ կարելի է, եթէ այդպիսի խնդրանք ըլլայ եւ մասնակցութիւնը ըլլայ միջազգային գործողութեան ծիրին մէջ: Ըստ նախարարին, խօսքը կարգ մը երկիրներէ կազմուած խմբակի մասին չէ, այլ անհրաժեշտ է միջազգային ընտանիքի եւ ՄԱԿ-ի աջակցութիւնը: Ան Սուրիոյ մէջ ստեղծուած դրութիւնը նկատած է «վառօդի տակառ» մը, որուն նկատմամբ որեւէ անզգուշութիւն հետեւանքներ պիտի ունենայ ամբողջ շրջանին համար:
Նախապէս Ֆրանսայի նախագահն ալ յայտարարած էր, որ Սուրիոյ մէջ զինուորական միջամտութիւն չի բացառեր, սակայն այդ մէկը պէտք է ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին համաձայնութեամբ ըլլայ, իսկ Սպիտակ տան մամլոյ բանբեր Ճէյ Քառնի յայտնած էր, որ Միացեալ Նահանգներ Սուրիոյ տագնապի հետագայ ռազմականացման դէմ կ՛արտայայտուին, սակայն այդ միջոցին ոչ մէկ քայլ կը բացառեն:
Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը երէկ յայտարարեց, որ Մոսկուա ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին պիտի չթոյլատրէ Սուրիոյ մէջ զինուորական միջամտութեան արտօնութիւն տալ, իսկ Չինաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը վերահաստատեց, թէ Սուրիոյ մէջ զինուորական միջամտութեան դէմ է:
Միւս կողմէ, Ճափոն երէկ Թոքիոյի մէջ Սուրիոյ դեսպանը վտարեց` իբրեւ բողոք Հուլայի մէջ տեղի ունեցած ջարդին, իսկ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը երէկ Թուրքիոյ մէջ գործող սուրիացի դիւանագէտներէն պահանջեց յառաջիկայ 72 ժամուան ընթացքին Թուրքիայէն հեռանալ: Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը իր կարգին երէկ վտարեց Հոլանտայի դեսպանատան գործավարուհին եւ անոր երկրէն հեռանալու 72 ժամուան պայմանաժամ մը տուաւ:


