Ժահժահ Ազգային Երկխօսութեան Նիստը Այս Հանգրուանին Անհեթեթ Կը Նկատէ

Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ շեշտեց, որ այս հանգրուանին լիբանանեան Ազգային երկխօսութեան նիստի մը գումարումը անհեթեթ է եւ ժամանակի կորուստ:

Ժահժահ յայտնեց, որ երկխօսութիւնը կարելի չէ մերժել մանաւանդ իրենց կողմէ` նկատի ունենալով, որ իրենք այլոց նման զէնք չունին եւ իրենց միակ զէնքը երկխօսութիւնն է:

Ժահժահ ընդգծեց, որ լիբանանեան բանակը միակ միջոցն է երկրին հարցերը լուծելու` աւելցնելով իրենց յանձնառութիւնն ու նախանձախնդրութիւնը լիբանանեան բանակին նկատմամբ:

Share this Article
CATEGORIES