Սէյիտ Նասրալլա Ընդունեց Ապատին
Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Իրանի դեսպան Ղատանֆար Ապատին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային զարգացումները:
Հանդիպումէն ետք Ապատի յայտնեց, որ սէյիտ Նասրալլա դրուատած է Իրանի զօրակցութիւնը եւ օժանդակութիւնը Դիմադրութեան:
«Սէյիտ Նասրալլա հաստատեց, որ իրենց կամքը հզօր է, եւ իրենք պիտի շարունակեն իրաւունքի, արդարութեան եւ Դիմադրութեան նոյն ուղեգիծը», ըսաւ Ապատի:
Ապատի յայտնեց, որ ինք սէյիտ Նասրալլայի փոխանցած է շնորհաւորագիր մը` Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ալի Աքպար Սալեհիի կողմէ, Դիմադրութեան եւ հարաւային Լիբանանի ազատագրումի տօնին առիթով:
CATEGORIES Լիբանանեան

