Մարոնի Եպիսկոպոսները Կը Մերժեն Լիբանանը Նոր Պատերազմի Մը Մղելու Փորձերը

Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ առաւօտեան Պքերքէի մէջ նախագահեց Մարոնի եպիսկոպոսներու խորհուրդի ընթացիկ նիստին, որուն ընթացքին քննարկուեցան Լիբանանի եւ մարոնի եկեղեցւոյ վերաբերող հարցեր:

Մարոնի եպիսկոպոսներու խորհուրդի նիստէն բխած հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ Լիբանանը դէպի նոր պատերազմ մը մղելու փորձերը` համայնքային թէ յարանուանական լարուածութեան ընդմէջէն, մերժելի են:

Խորհուրդը կոչ ուղղեց լիբանանեան ազգային միասնականութիւնը ամրապնդելու եւ կառչած մնալու լիբանանեան ազգային գոյակցութեան ու համերաշխութեան:

Մարոնի եպիսկոպոսները կոչ ուղղեցին բոլոր քաղաքական անձնաւորութիւններուն առանց նախապայմանի ընդառաջելու եւ մասնակցելու հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի ազգային երկխօսութեան հրաւէրին:

Խորհուրդը զգուշացուց լիբանանեան բանակին կամ երկրին ապահովական կառոյցներուն բաժանումէն:

 

Share this Article
CATEGORIES