Ժոմպլաթ. «Կոչ Կ՛Ուղղեմ Ժապալ Արապի Բնակչութեան Վերջ Տալու Սուրիական Բանակին Մէջ Իր Ծառայութեան»
Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ կոչ ուղղեց Ժապալ Արապի բնակիչներուն` վերջ տալու Սուրիոյ մէջ իրենց զինուորական ծառայութեան, որպէսզի սուրիական վարչակարգին շահերուն չծառայեն:
Ան շեշտեց, որ սուրիացի ժողովուրդին կառչածութիւնը` իր ազգային միասնականութեան, միակ երաշխիքն է Սուրիոյ յեղափոխութեան նուաճումներուն:
Ժոմպլաթ կոչ ուղղեց նաեւ փակելու Տարաայի եւ Սուէյտայի մէջ արձանագրուած միջադէպերուն թղթածրարները:
CATEGORIES Լիբանանեան

