Արտաքին Յարաբերութեանց Խորհրդարանական Յանձնախումբը Վաւերացուց Ռուսիոյ Հետ Զինուորական Գործակցութեան Համաձայնութիւն Մը
Արտաքին յարաբերութեանց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու խորհրդարանական յանձնախումբը երէկ նիստ մը գումարեց նախագահութեամբ երեսփոխան Ապտէլ Լաթիֆ Զէյնի եւ ներկայութեամբ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիի եւ երեսփոխաններ Խալետ Զահրամանի, Սելիմ Սալհապի, Եասին Ժապերի, Խտըր Հապիպի ու Թամմամ Սալամի:
Նիստին ներկայ գտնուեցան նաեւ բարձրաստիճան զինուորականներ, գաղտնի սպասարկութեան պատասխանատուներ եւ ելեւմուտքի նախարարութեան պատասխանատուներ:
Նիստէն ետք յանձնախումբը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ, թէ ան վաւերացուցած է Ռուսիոյ հետ զինուորական գործակցութեան համաձայնութիւնը:
CATEGORIES Լիբանանեան

