Դոկտ. Յարութիւն Սամուէլեան Ուաշինկթընի Մէջ Մասնակցեցաւ «Պրիթըն Վուտզ» Հաստատութեան Տարեկան Համաժողովին

Ընդառաջելով «Պրիթըն Վուտզ» հաստատութեան նախագահի հրաւէրին` Կեդրոնական դրամատան փոխկառավարիչ դոկտ. Յարութիւն Սամուէլեան, որ այդ յանձնախումբին գործօն անդամներէն է, 17 մայիս 2012-ին իր մասնակցութիւնը բերած է հաստատութեան տարեկան նիստին: Նշենք, որ

«Պրիթըն Վուտզ»-ի պատուոյ նախագահներն են Միացեալ Նահանգներու նախկին նախագահներ Ճիմի Քարթըր եւ Ճորճ Պուշ (հայրը):

«Պրիթըն Վուտզ»-ի տարեկան նիստին մասնակցեցան 155 դրամատնային մարզերու ղեկավարներ, պետական բարձր պատասխանատուներ, բարգաւաճման մասնագէտներ, Միացեալ Նահանգներու կառավարութեան ներկայացուցիչ Պառնի Ֆրենք, ամերիկացի ծերակուտականներ Մարք Ուորնըր եւ Թոմ Քոպըրն, ինչպէս նաեւ Համաշխարհային դրամատան նախագահ Ռոպըրթ Զելիք:

Նիստին ընթացքին ներկաները քննարկեցին պետական պարտքերուն եւ քաղաքական ու ելեւմտական կայունութեան իրավիճակը, ինչպէս նաեւ միջազգային տնտեսական աճ ապահովելու միջոցները:

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES