Օրավարձով Աշխատող Պաշտօնեաները Ներխուժեցին Ելեկտրականութեան Ընկերութիւն
Ելեկտրականութեան ընկերութեան մէջ օրավարձով աշխատող պաշտօնեաները երէկ փոփոխութեան ենթարկեցին իրենց բողոքի նստացոյցին մարտավարութիւնը եւ անոր խաղաղ բնոյթը վերածեցին մագլցողական քայլերու:
Նահրի մայրուղիին վրայ Ելեկտրականութեան ընկերութեան մէջ օրավարձով աշխատող պաշտօնեաները հրկիզուած անիւներով փակեցին մայրուղին:
Նոյն դէպքերը պատահեցան նաեւ Սուրի, Պաալպեք-Ռայեաքի եւ լիբանանեան այլ շրջաններու մէջ` պատճառելով երթեւեկի ահաւոր խճողում:
Պաշտօնեաները այս քայլերուն դիմեցին, երբ անոնք առաւօտեան հասան Քոռնիշ Նահրի Ելեկտրականութեան ընկերութեան կեդրոնատեղին, սակայն անոնք զարմացան, երբ ներքին ապահովութեան ուժեր արգիլեցին իրենց մուտքը` արտօնելով միայն հաստատ պաշտօններ ունեցող պաշտօնեաներուն մուտքը:
Օրավարձով աշխատող պաշտօնեաները ապահովութեան ուժերուն մէկ ժամուան պայմանաժամ տուին` արտօնելու իրենց մուտքը: Մինչ անոնք կը սպասէին դրան առջեւ, անոնք անիւներ հրկիզեցին, իսկ այլ պաշտօնեայ մը փորձեց ինքզինք այրել, սակայն անոր փորձերը արգիլուեցան ներքին ապահովութեան ուժերուն կողմէ:
Շուրջ մէկ ժամ ետք, պաշտօնեաները ներխուժեցին ընկերութիւն եւ վերջինիս շրջափակին ու գրասենեակներուն մէջ բռնարարքներ գործեցին:
Յետմիջօրէին, կառավարութեան նիստը աւարտելէ ետք, ներքին գործոց նախարար Մարուան Շարպել փութաց նախարարութեան կեդրոն, ուր ընդունեց Ելեկտրականութեան ընկերութեան մէջ օրավարձով աշխատող պաշտօնեաներուն մէկ պատուիրակութիւնը, որմէ իմացաւ պաշտօնեաներուն պահանջները:
Հանդիպումէն ետք պատուիրակութեան անունով պաշտօնեայ մը յայտնեց, որ իրենք նախարար Շարպելին ներկայացուցած են իրենց պահանջները եւ անկէ խոստում ստացած` այդ պահանջները փոխանցելու կառավարութեան:
Ան նկատել տուաւ նաեւ, որ իրենք խաղաղ նստացոյցը պիտի շարունակեն մինչեւ իրենց բոլոր պահանջներուն գործադրումը:
«Մենք ամէն ջանք ի գործ պիտի դնենք` դիւրացնելու համար Ելեկտրականութեան ընկերութեան աշխատանքը, որպէսզի կարելի ըլլայ գործառնութիւնները սովորական եւ դիւրին ձեւով կատարել», ըսաւ ան:
Նշենք, որ նախարար Շարպելի հետ տեղի ունեցած այս հանդիպումէն ետք էր, որ Ելեկտրականութեան ընկերութեան մէջ օրավարձով աշխատող պաշտօնեաները մաքրեցին Քոռնիշ Նահրի Ելեկտրականութեան ընկերութիւնը եւ վերջ տուին բռնարարքներուն` ըսելով, որ այդ հաստատութիւնը իրենց ընկերութիւնն է եւ երկրորդ բնակարանը:
Պաշտօնեաները կոչ ուղղեցին ուժանիւթի եւ ջուրի նախարար Ժըպրան Պասիլին այցելելու Ելեկտրականութեան ընկերութիւն եւ ուղղակի տեսնելու տիրող իրավիճակը:
Պաշտօնեաները նաեւ ընդգծեցին, որ իրենք միայն իրենց իրաւունքը կը պահանջեն եւ ոչ աւելին:
Անհրաժեշտ է նշել, որ Ելեկտրականութեան ընկերութեան մէջ օրավարձով աշխատող պաշտօնեաներուն խաղաղ նստացոյցը տակաւին ընթացքի մէջ է:



