Պըրրի Նախագահեց Երեսփոխանական Հանդիպումին
Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ չորեքշաբթի օրուան երեսփոխանական հանդիպումին շրջագիծին մէջ տեսակցութիւն մը ունեցաւ երեսփոխաններու հետ:
Այն Թինէի մէջ տեղի ունեցած հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան Լիբանանը յուզող ընթացիկ հարցեր, ինչպէս` լիբանանցի առեւանգուածներուն թղթածրարը եւ Ելեկտրականութեան ընկերութեան մէջ օրավարձով աշխատող պաշտօնեաներուն հարցը:
Հանդիպումին ընթացքին Պըրրի անդրադարձաւ նաեւ առեւանգուած լիբանանցիները ազատ արձակելու մասին կատարուած բանակցութիւններուն մանրամասնութիւններուն, ինչպէս նաեւ Ելեկտրականութեան ընկերութեան մէջ օրավարձով աշխատող պաշտօնեաներուն պահանջներուն վերաբերող հարցերուն:
Այս նպատակով Պըրրի երեսփոխաններ Ղազի Զաայթերի եւ Նաուար Սահիլիի պարտականութիւն տուաւ հետեւիլ պաշտօնեաներու պահանջներուն թղթածրարին:
Պըրրի նախագահեց նաեւ խորհրդարանի դիւանի նիստին` ներկայութեամբ խորհրդարանի փոխնախագահ Ֆարիտ Մքարիի:
Քննարկուեցան շարք մը օրինագիծեր եւ խորհրդարանական յանձնախումբերուն աշխատանքին վերաբերող խնդիրներ:
Նշենք, որ Պըրրի այցելեց խորհրդարանի նախկին նախագահ Հիւսէյն Հիւսէյնիի, որուն ցաւակցութիւն յայտնեց` անոր կնոջ մահուան առիթով:


