Կառավարութիւնը Որդեգրեց Պասիլի Ծրագիրը` Օրավարձով Աշխատող Պաշտօնեաներուն Հարցին Վերաբերեալ

Կառավարութեան նիստէն պահ մը

Կառավարութիւնը երէկ առաւօտեան ժամը 10:00-ին նախագահական պալատին մէջ գումարեց իր ընթացիկ նիստը` նախագահութեամբ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի եւ ներկայութեամբ վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի:

Նիստէն առաջ նախագահ Սլէյման հանդիպում մը ունեցաւ վարչապետ Միքաթիի հետ: Քննարկուեցան լիբանանեան քաղաքական իրադարձութիւնները, յատկապէս Ելեկտրականութեան ընկերութեան օրավարձով աշխատող պաշտօնեաներուն հարցն ու Սուրիոյ մէջ առեւանգուած լիբանանցիներուն թղթածրարը:

Կառավարութեան նիստին ընթացքին ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարար Ժըպրան Պասիլ նախարարներուն յանձնեց տեղեկագիր մը, որուն հիման վրայ ան նշեց, որ եթէ Ելեկտրականութեան ընկերութեան մէջ կացութիւնը նոյն դրութեամբ շարունակուի, ապա պաշտօնեաները պիտի լքեն հաստատութիւնը, ինչ որ կրնայ պատճառ դառնալ, որ ամբողջ Լիբանանի տարածքին ելեկտրական հոսանքը ընդհատուի:

Կառավարութեան նիստին ընթացքին քննարկուեցաւ նաեւ պետական պիւտճէի նախագիծը:

Նիստէն ետք տեղեկատուութեան նախարար Ուալիտ Տաուք յայտնեց, որ երկրին իշխանութիւնները կը մերժեն նստացոյցին ընթացքին մագլցողական քայլերու որդեգրումը եւ այդ իսկ պատճառով որոշած են խստացնել ապահովական միջոցառումներն ու մնայուն կերպով իրենց հակակշիռին տակ պահել ապահովական կայունութիւնը:

Տաուք յայտնեց, որ ապահովութեան ուժերը  խիստ վերաբերում պիտի ցուցաբերեն մագլցողական քայլերու դիմող քաղաքացիներուն նկատմամբ եւ անոնց դէմ խիստ պատիժներ պիտի որդեգրեն:

Տաուք յայտնեց, որ Ելեկտրականութեան ընկերութեան օրավարձով աշխատող պաշտօնեաները խաղաղ բողոքի ցոյց մը կատարելու իրենց իրաւունքը գերազանցեցին եւ ներխուժեցին ընկերութիւն ու քանդեցին հաստատութիւնը, ինչ որ անընդունելի է:

«Հետեւաբար, օրինազանցներուն դէմ պիտի գործադրուին պատիժներ, որոնց շարքին նաեւ բանտարկութիւնն ու բերման ենթարկելու որոշումները», ըսաւ Տաուք:

Նշենք, որ նիստին ընթացքին նախագահ Սլէյման յայտնեց, որ ինք յառաջիկայ կիրակի օր պիտի սկսի արաբական շրջապտոյտի մը, որ կը սկսի Քուէյթէն:

Կը նախատեսուի, որ արաբական երկիրներուն մէջ նախագահ Սլէյման քննարկէ այդ պետութիւններուն կողմէ իրենց քաղաքացիներուն յղուած զգուշացումները` Լիբանան ժամանելու իմաստով:

Նախագահ Սլէյման հաստատեց, որ ինք արաբ ղեկավարներուն եւ պատասխանատուներուն հետ պիտի քննարկէ նաեւ Սուրիոյ մէջ լիբանանցի քաղաքացիներ առեւանգելու մանրամասնութիւնները:

Նախագահ Սլէյման յայտնեց նաեւ, որ Դիմադրութեան եւ հարաւային Լիբանանի ազատագրութեան տօնը խանգարեցին հիմնական երկու դրդապատճառներ, որոնք են սուրիական խմբաւորումի մը կողմէ 11 լիբանանցիներու առեւանգումը, ինչպէս նաեւ լիբանանցիներուն ներկայ ընթացքը, որ ազատագրումին համազօր վիճակի հետ չի համեմատիր: «Իր երկիրը ազատագրողը, ահաբեկչութիւնը զգետնողը եւ ամբողջ աշխարհին մէջ իր գաղութները կազմակերպողը, որ իր երկիրը եւ պետութիւնը չի կրնար հիմնել, ապա անոր այդ ընթացքը զարմանք կը պատճառէ», նշեց նախագահ Սլէյման:

Հանրապետութեան նախագահը մաղթեց, որ Լիբանանի ազգային երկխօսութիւնը վերսկսելու քայլը Լիբանանի համար կենսական ըլլայ:

Միւս կողմէ, նիստին ընթացքին վարչապետ Նեժիպ Միքաթի ըսաւ, որ ինք պիտի մեկնի Թուրքիա` հետապնդելու համար Սուրիոյ մէջ առեւանգուած լիբանանցիներուն թղթածրարը:

Նշենք, որ վարչապետ Միքաթիի պիտի ընկերակցին արտաքին գործոց նախարար Ատնան Մանսուր եւ ներքին գործոց նախարար Մարուան Շարպել:

Կառավարութիւնը որոշեց յաւելեալ գումարներ տրամադրել լիբանանեան բանակին, ինչպէս նաեւ որոշեց իր յաջորդ նիստը գումարել յառաջիկայ 6 յունիսին` նախագահական պալատին մէջ:

 

Share this Article
CATEGORIES